Սանասարեան խանը կը վերադարձուի Հայոց Պատրիարքարանին

By Asbarez | Saturday, 17 February 2018

 

0217sanasaryan

ՊՈԼԻՍ, <<Ժամանակ>> - Գումգաբուի աղբիւրները արձագանգ հանդիսացած են պոլսահայ համայնքին համար շատ դրական իրադարձութեան մը: Այսպէս, Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռի մը հիման վրայ, Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան Խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին: Ասիկա կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ պատրիարքութեան յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէն:

Այս ձեռքբերումը ապահովուած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ 3 Յուլիս 2014ին կատարուած դատական դիմումին հիման վրայ: Անոր կողմէ բացուած դատը շուրջ երեքուկէս տարուան իրաւական պայքարէ ետք՝ տուած է դրական արդիւնք: Իրականութեան մէջ, այդ պայքարը ունի շատ աւելի վաղեմութիւն: Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը այս պատմական խանի սեփականութեան իրաւունքը վերստանալու համար դատարան դիմած էր նախապէս, որպէսզի Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները: Սակայն Պոլսոյ 13րդ հիմնական ատեանը առաջին փուլին արձակած էր ժխտական վճիռ, եւ այդ վճիռի բեկանման պահանջով՝ պատրիարքութիւնը դիմած էր վճռաբեկ ատեան: Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ կը ներկայացուէր պատրիարքութիւնը այս դատավարութիւններուն ընթացքին: Երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքէ ետք ապահովուած է այս մեծ յաղթանակը: Այժմ, պիտի կատարուին կալուածաթուղթի եւ համապատասխան արձանագրութիւններու կարգադրութիւնները:

Հարկ է նշել, որ Սանասարեան Խանը պատմականօրէն կտակուած է՝ Էրզրումի երբեմնի համանուն վարժարանին մատակարարման նպատակով: Հանրապետական շրջանի սկիզբը, այդ վարժարանի չգոյութեան պատճառով, այդ կալուածը կը տնօրինուէր Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ, եւ օրուան գահակալը կամ առաջին դէմքը կը համարուէր միակ խնամակալը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային եւս վերահաստատուի նման դրութիւն մը: Այսինքն՝ այս կալուածին պարագային, պաշտօնապէս առանձին վարչական խորհուրդի մը կարիքը պիտի չըլլայ:

 



comments

Advertisement