Թուրքիոյ մէջ կրնաք ճնշում բանեցնել, բայց 12 միլիոն Հայ տէր կը կանգնի մեր պատրիարքարանին. Փայլան

By Asbarez | Thursday, 08 March 2018

 

0308paylan COLOR

ՓԱՐԻԶ, <<Յառաջ>> - Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան կրկին բարձրացուցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը ու յայտարարած, որ պատրիարքարանը այժմ յայտնուած է պատանդի կարգավիճակի մէջ:

<<Պետութեան հետ մօտ կապեր ունեցող անձ մը կը գրաւէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնը, այսինքն՝ պետութիւնը իշխանական վերահսկիչ նշանակած է պատրիարքարանին մէջ: Դուք կրնաք Թուրքիոյ մէջ նման ճնշում բանեցնել հայութեան նկատմամբ, սակայն աշխարհի վրայ 12 միլիոն հայ կայ ու գրեթէ բոլորն ալ արմատներով Անատոլիայէն են, բոլո՛րն ալ տէր կը կանգնին մեր պատրիարքարանին, սակայն այժմ անիկա կը գտնուի պատանդի կարգավիճակի մէջ>>, ըսած է Փայլան:

<<Կայ իրականութիւն մը՝ Աթէշեան չի՛ վայելեր աշխարհի հայութեան յարգանքը: Այս տագնապի լուծման միակ միջոցը քուէատո՛ւփն է: Այս քաոսը կրնայ լուծել միայն ընտրութիւնը: Կազմակերպեցէ՛ք այդ ընտրութիւնը եւ մենք կը լուծենք այս հարցը, որ տագնապալից է թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ Թուրքիոյ համար: Աշխարհի ո՛չ մէկ անկիւն կայ նման օրինակ, որ նման Աթոռ մը այսքան երկար տարիներ մնայ թափուր ու ձգուի այլ մարդու մը ղեկավարութեան ներքոյ: Այս մարդը չի կրնար տարիներով մնալ այս կարգավիճակին մէջ՝ ուղղակի ոչինչ ընելով>>, շարունակած է հայ երեսփոխանը:

Փայլան յայտնած է, որ այս հարցին մասին զրուցած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետին հետ: <<Ըսի պարոն վարչապետին. <<Ո՞ր համայնքը աւելի ձեռնտու է ձեզի. անկառավարելի դարձած ու տկարացած պոլսահայ համա՞յնքը, թէ համայնքին կողմէ յարգանք վայելող հոգեւոր առաջնորդ ունեցող ու այս երկրի բոլոր բնագաւառներուն մէջ իր ներդրումը ունեցող համայնք մը. այս տեսանկիւնէ՛ն ալ դիտեցէք անգամ մը>>>>, ըսած է Փայլան:

 

comments

Advertisement