Ռուսիոյ Մէջ Հայերուն Թիւը Պաշտօնապէս 1.18 Միլիոն Է

By Asbarez | Friday, 16 December 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս հրապարակուած են 2010ին Ռուսիոյ մէջ իրականացած մարդահամարին տուեալները, որոնց համաձայն, նախորդ մարդահամարէն ի վեր, Ռուսիոյ բնակչութիւնը նուազած է 2.3 միլիոն մարդով: Նախորդ մարդահամարը տեղի ունեցած էր 2002ին:

Համաձայն մարդահամարի արդիւնքներուն, Ռուսիոյ բնակչութիւնը կը կազմէ 142.9 միլիոն մարդ: Բնակչութեան թիւով, Ռուսիա ամբողջ աշխարհին մէջ կը զիջի Չինաստանին՝ 1 միլիառ 335 միլիոն, Հնդկաստանին՝ 1 միլիառ 210 միլիոն, Միացեալ Նահանգներուն՝ 309 միլիոն, Ինտոնեզիային՝ 238 միլիոն, Պրազիլի՝ 191 միլիոն, Փաքիստանին՝ 165 միլիոն եւ Պանկլատեշին՝ 147 միլիոն:

Ռուսերը կը կազմեն այդ երկրի բնակչութեան 80.9 տոկոսը (115.2 միլիոն մարդ), թաթարները՝ 3.87 տոկոսը, իսկ ուքրանացիները՝ 1.41 տոկոսը:

Հայերը իրենց թիւով պաշտօնապէս կը կազմեն 0.86 տոկոս՝ 1.18 միլիոն մարդ: Սակայն, իրականութեան մէջ, հայերուն թիւը առնուազն կրկնակի է Ռուսիոյ մէջ, քանի որ մարդահամարի հարցաթերթիկով հարցուող քաղաքացին իրաւունք ունի չնշելու իր ազգութիւնը:

Նաեւ, բացի ռուսերէն, հայերը իրենց թիւով պաշտօնապէս կը համարուին եօթներորդ ազգութիւնը Ռուսիոյ մէջ, իսկ ոչ պաշտօնական տուեալներով, անոնք կրնան գրաւել չորրորդ կամ հինգերորդ տեղը:

comments