Նորընտիր Վարչապետին Առաջնահերթութիւններու Օրակարգը

By Asbarez | Wednesday, 09 May 2018

garoarmenian

 

 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր արդէն մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի տօնելու իր սահմանադրւթեան մեծ յաղթանակը։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը կրցաւ յաջողապէս դիմակայել երկրի քաղաքական ճգնաժամը եւ վերապրիլ որպէս մեր երկրի տնօրէն օրէնքը։ Առաւե՛լ։ Մեր ժողովուրդը՝ ի՛նք, իր բոլոր խաւերով, կրցաւ հաւատարիմ մնալ իր իսկ ստեղծած սահմանադրական համակարգին. կրցաւ յաղթահարել իր սուր տարակարծութիւնները եւ կանգնիլ ոտքի որպէս մէկ ազգ եւ մէկ հայրենիք, լիիրաւ եւ անբաժանելի, իր նորընտիր վարչապետով, իր հրաժարեալ վարչապետով, կառավարական իր աներեր գործընթացով, իր իմաստուն խորհրդարանով, իր քաղաքական ուժերով, իր պայծառ երիտասարդութեամբ, իր զգաստ բանակով, իր արթուն ոստիկանական ուժերով, բայց մանաւանդ այս բոլորին խարիսխը հանդիսացող իր աննկուն հաւատքով դէպի իր ապագան եւ դէպի ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը։  Հայոց երկրի քաղաքացիները պատմութիւն գրեցին Երեւանի հրապարակներուն վրայ յեղաշրջում բերելով մեր երկրի իրականութեան եւ այդ մէկը ըրին առանց դոյզն արիւնահեղութեան եւ բռնարարքներու։ Կը շնորհաւորենք պր. վարչապետը իր ընտրութեան առթիւ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր առաքելութեան։

 

Այսօր նաեւ այն օրն է, երբ մենք պարտաւորուած ենք բանալու երկրի տագնապալի հարցերու հաշուետոմարը։ Պարտաւորուած ենք միասնաբար դիմագրաւելու մարտահրաւէրներու այն գրոհը, որ արդէն իսկ կը բախէ մեր դռները։

 

Այս կէտին վրայ, պէտք է անպայման քննարկման տակ առնենք նախորդ իշխանութեան վիճակացոյցը եւ դասեր քաղենք վերջին տասնամեակի իր փորձէն։ Մեր կուսակցութիւնը գիտակցաբար մտաւ նախորդ իշխանութեան հետ համագործակցային դաշինքի մէջ առանց րոպէ մը իսկ մոռնալու, որ Հանրապետականները մեր գաղափարական գործընկերները չէին եւ չէին կրնար ըլլալ։ Մեր երկիրը ունէր սուր հրամայականներ եւ մենք համոզուած էինք — եւ ենք այսօր – որ մենք ազգովին պիտի լծուէինք այդ հարցերը լուծելու դժուարին պարտականութեան։ Մենք Դաշինքին առջեւ դրինք ՀՅԴ պլատֆորմը, որ ծնած էր ՀՅԴ Ընդհ. Ժողովի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովներու որոշումներէն։ Մեր պլատֆորմը կը բխէր մեր ժողովուրդի սուր կարիքներէն, մեր պետականութեան լինելիութեան հրամայականներէն, մեր գաղափարախօսութեան արմատներէն, մեր հայրենիքի անվտանգութեան անզանցառելի եզրերէն։

 

Այսօր պիտի ընդունինք, որ Դաշինքը չարդարացուց ինքզինք։ Թէպէտ  որդեգրելով մեր պլատֆորմի կէտերը՝ օրուան նախագահն ու օրուան վարչապետը իրենց հրապարակային ելոյթներով պաշտօնապէս խոստացան յեղաշրջման տանիլ երկիրը, բայց դժբախատաբար այդ բոլորը մնացին թուղթի վրայ եւ անհետեւանք։ Մեծամասնական կողմը մնաց լայնօրէն անընդունակ մեր պահանջատիրութեան հողին վրայ մեզի հետ արմատական գործակցութեան երթալու։ Մեր պլատֆորմի էական պատգամն էր կեանքը փոխե՛լ. ձերբազատուի՛լ երկրին կեանքը մթագնող յարացոյցէն (paradigm). մենաշնորհային համակարգը տանիլ դէպի մրցակցային դաշտ. լուծումներ բերել աշխատատեղերու, աղքատութեան եւ արտագաղթի կնճռոտ հարցերուն։

 

Այսօր ունինք նոր վարչապետ եւ շուտով  կ՚ունենանք նոր կառավարութիւն, որ պիտի ներկայանայ խորհրդարան իր առաջնահերթութիւններու փաթեթով։ Կառավարութիւն եւ խորհրդարան միասնաբար պիտի ընտրեն այն ճանապարհը, որ մեզ  պիտի տանի դէպի նոր Հայաստան, դէպի նոր քաղաքական մշակոյթ, դէպի նոր քաղաքակրթութիւն։ Պահանջկոտ տեսլակա՛ն մը՝ որուն պէտք է տրամադրուին կառավարութեան եւ խորհրդարանի բոլոր ուժերը։

 

Յամենայն դէպս մենք ազգովին պիտի գիտնանք, որ յեղաշրջման գործը նոր է, որ կը սկսի։ Այն փոփոխութիւնները, որոնց մասին կը խօսուի Ժողովրդային Շարժման ղեկավար շրջանակներուն կողմէ, այն իսկ առաջադրութիւններն են, զորս Դաշնակցութիւնը վաղուց դրած է իր պլատֆորմին մէջ։ Այն ինչ, որ Դաշնակցութիւնը չկրցաւ իրագործել Դաշինքին ընդմէջէն եւ մեծամասնական կողմի բացայայտ մեղքով, այժմ դրուած է ՀՀ նորընտիր վարչապետին առջեւ։ Եւ դրուած է անսակարկելի անմիջականութեա՛մբ։ Փաստը այն է, որ կեանքը շատ հեռու է փոխուած ըլլալէ։ Կեանքը նոյնն է դեռ։ Հին <<մեծամասնութիւնը>> կը շարունակէ մեծամասնութիւն մնալ խորհրդարանին մէջ։ ՀՀ ազգային տնտեսութիւնը կը շարունակէ ըլլալ մենաշնորհային։ Կաշառակերութիւնն ու զեղծարարութիւնը իշխող կացութաձևեր են, որոնք արմատացած են հասարակութեան կեանքին մէջ։ Մէկ օրէն միւսը չէ, որ հին համակարգի տէրերը պիտի դադրին խմելէ  երկրին ուժականութիւնները։ Ներդրումային դրամահոսքերու անբաւարարութիւն, աշխատատեղերու սով, աղքատութիւն, արտագաղթ. այս հարցերը կը կարօտին երկարաժամկէտ, հետեւողական, բազմամակարդակ, ճկուն եւ միաժամանակ վճռական ու համապարփակ ռազմավարութեան մը, որպէսզի յեղաշրջումը ըլլայ իրական եւ արմատական։ Վարչապետ Փաշինեան այժմէն իսկ պէտք է սկիզբը դնէ այս կենսական գործընթացին իր շուրջ համախմբելով այս գործին տեսլականը ունեցող բոլոր ձեռնհաս ուժերն ու մարդիկ։

 

Ըստ օրինի, այս օրուընէ սկսեալ այս օրակարգը իրն է։ Իրն է նաեւ պատասխանատուութիւնը։ Եւ սակայն, ընկերնե՛ր, Աբովեանի թախանձագին բառերով՝ <<իմ ազի՛զ ժողովուրդ>>, այս օրուընէ սկսեալ եւ որեւէ ատենէ աւելի, այս օրակարգը մե՛րն է։ Ասիկա մեր թանկագին պատեհութիւնն է նոր երկիր հրաշագործելու։ Նոր միտք ձեւաւորելու։ Նոր հասարակութիւն հոյակերտելու։ Հասարակութի՛ւն՝ որ ըլլայ արժանաւոր իրաւաժառանգորդը մեր պատմութեան բոլոր մեծ արարքներուն եւ հպարտ կերտիչը վաղուան մեր սխրագործութեանց։ Կեցցէ՛ք բոլորդ։

 

Կարօ Արմենեան

Մայիս 8, 2018

Ուաշինկթըն

 


comments

Advertisement