Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեանը

By Asbarez | Monday, 27 August 2018

0823ARFlebanon1

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունու եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ու Կենտրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեանի, Օգոստոսի 22ին այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպմանը քննարկուեց Թաւշեայ յեղափոխութեան արձանագրած դրական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ ժողովրդային ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի հայութեան մօտ ստեղծուած մթնոլորտն ու այն պաշտպանելու վճռականութիւնը:

Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անդամ, Լիբանանի ՀՅԴ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցեց Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու նրա ամրապնդմանը: Շեշտուեց նաեւ, որ անխուսափելի խոչընդոտների եւ դժուարութիւնների յաղթահարման համար անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդային միասնութիւնը եւ գործակցային ոգին՝ կանխելու յաջողութեանը խանգարող ցանկացած կասկածելի փորձ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Հայաստանի վարչապետին նաեւ փոխանցեց Լիբանանի հայութեան անցեալից փաստուած պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը՝ գործնական արձագանգելու Արցախի ու Հայաստանի հզօրացման ջանքերին եւ միաժամանակ տագնապելու՝ այդ ճանապարհի վրայ դրսեւորուող որեւէ բացթողումի կամ տատանումի ժամանակ:

Վարչապետ Փաշինեանին փոխանցուեց նաեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչների պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի տարբեր ոլորտների մէջ խթանելու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ զբօսաշրջային կապերը:

Վարչապետ Փաշինեանը իր ուրախութիւնը յայտնեց կայացած հանդիպման կապակցութեամբ՝ նշելով, որ իր համար Լիբանանը, Լիբանանի հայութիւնն ու երիտասարդութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունեն, մանաւանդ՝ յեղափոխութեան ընթացքում նրանց ունեցած զօրակցութեան քայլերի կապակցութեամբ:

Փաշինեանը նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է երկխօսութեան ու գործակցութեան շարունակութիւնը եւ քաղաքական առողջ ուժերի միասնութեան ճիգի արդիւնաւորումը՝ ի սպաս յեղափոխութեան յաջողութեան:

 

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ

ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

comments

Advertisement