By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018
ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ Տիգրանակերտէն ընտրուած խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան 30 Օգոստոսին առաջին անգամն ըլլալով հարցազրոյց մը տուաւ լրատուամիջոցներուն, նախորդող Շաբաթ օր, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Շաբաթօրեայ մայրեր» նախաձեռնութեան ցոյցին ընթացքին ոստիկաններու հետ բախումէն ետք:
«Թէ.24» կայանի կայքին համաձայն՝ Փայլան յայտնեց, որ ոստիկանները իսկապէս վատ վերաբերած են ցոյցի մասնակիցներուն հետ, իսկ ինք այդ վայրկեանին մոռցած է իր պատգամաւոր եւ քաղաքական գործիչ ըլլալու հանգամանքը՝ փորձելով պաշտպանել ընկերներն ու ցոյցին մասնակցողները:
«Հոն Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայա կամ Ահմետ Շըք չկար: Բոլորս այդ պայքարին մէջ զինուոր էինք: Մենք դէմ առ դէմ կանգնած ենք մեծ անխղճութեան մը հետ: Մենք պիտի շարունակենք դիմադրել այդ բոլորին», ըսաւ Փայլան՝ աւելցնելով, որ անկախ ներքին գործոց նախարարին սահմանած արգելքէն՝ «Շաբաթօրեայ մայրեր»ու ցոյցերը պիտի շարունակուին:
«Նախարար Սուլէյման Սոյլուի յայտարարութենէն կ՛երեւի, որ «Շաբաթօրեայ մայրեր»ու 701րդ ցոյցը նոյնպէս պիտի արգիլուի: Սակայն մենք դարձեալ պիտի շարունակենք այնտեղ գտնուիլ: Ինչ որ ըսեն մայրերը, այդ պիտի ընենք. անոնց կողքին պիտի ըլլանք», ըսաւ ան:
Նոյն ցոյցին մասնակցած Առատ Տինք նոյնպէս նման յայտարարութիւն մը կատարեց «Ակօս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian