Ֆրեզնոյի Մէջ Օգոստոս 31ը Հռչակուեցաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի Օր

By Asbarez | Tuesday, 04 September 2018

0901williamsaroyan

ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդը Օգոստոս 30ին վաւերացուց բանաձեւ մը՝ Օգոստոս 31ը հռչակելով «Ուիլեըմ Սարոյեանի օր», անոր 110րդ տարեդարձին առիթով։

Որոշումը տրուեցաւ ամերիկահայ հեղինակաւոր գրողին տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումէն մէկ օր առաջ:

Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ յայտնեց, թէ բախտը ունեցած է անձամբ տեսնելու Ուիլեըմ Սարոյեանը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ քաղաքը այս առիթը ունեցած է յարգանքի իր տուրքը մատուցելու քաղաքին արժէքաւոր զաւակին, որ Ֆրեզնոյի մէջ ապրած ու ստեղծագործած է:

«Ես կը սիրէի կարդալ անոր գիրքերը: Չափազանց կարեւոր է հանրայայտ գրողին գրական ժառանգութիւնը, ուրեմն այս ձեւով կը փորձենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցել», նշեց Ֆրեզնոյի քաղաքապետը:

Իր կարգին, Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էսմերալտա Սորիա կարեւոր համարեց Ուիլեըմ Սարոյեանի գրական ժառանգութեան պահպանումը: «Ան Ֆրեզնոյի առասպելը դարձած է: Հայ համայնքը եւս Ֆրեզնոյի համար կարեւոր է, քանի որ կը նպաստէ մեր քաղաքի զարգացման: Սարոյեան այն անհատներէն է, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին տուած արժէքները», շեշտեց ան:

Յիշեցնենք, որ «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը 2015ին գնած էր Ֆրեզնոյի մէջ հեղինակին բնակարանը եւ զայն վերածած՝ տուն-թագարանի, «Սարոյեան Հաուս» անուան տակ:

Սարոյեանի տունը գնելու եւ զայն թանգարանի վերածելու գաղափարին հեղինակն ու իրականացնողը՝ բարերար Արթուր Ջանիբեկեան հիմնադիրն է «Մտաւորական Զարթօնք»ին, որուն տնօրէնը՝ Յակոբ Յակոբեան, յոյս յայտնեց, որ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի որոշումը օրինակ կը ծառայէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին համար:

0901saroyan2

«Սարոյեան կ՛ըսէր, թէ բոլորը պիտի մեռնին, «բայց միշտ մտածած եմ, որ իմ պարագային բացառութիւն պիտի ըլլայ»: Այո՛, փաստացի այդ բացառութիւնը եղած է, մեծանուն գրողը միշտ կենդանի պիտի մնայ՝ իր թողած մեծ ժառանգութեամբ», ըսաւ Յակոբեան:

«Նշեալ թանգարանին մէջ ամփոփուած են Սարոյեանի պատկանող եւ վերաբերող նիւթեր: Տուն-թանգարանը պիտի ապրի ստեղծագործական բուռն կեանքով՝ հանդիսանալով մշակութային օճախ ոչ միայն համայն հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար: Հոն պիտի կազմակերպուին գրական երեկոներ, փառատօներ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ», նշուած է «Մտաւորական Զարթօնք»ին յղած հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելցնենք, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւս, Ուիլեըմ Սարոյեանի 110րդ տարեդարձին առիթով, Օգոստոս 31ին յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ:

comments

Advertisement