Փայլան Կը Դատապարտէ Վանի Հայամէտ Նախկին Քաղաքապետը Բանտարկելու Վճիռը

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

paylanyerevan

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Սեպտեմբեր 11ին անդրադարձաւ Վանի հայամէտ նախկին քաղաքապետ Պեքիր Քայանը 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու դատավճիռին՝ հետեւեալը գրելով. «Իրաւական պետութիւն չդարձանք, բայց նոյնիսկ օրէնքի երկիր չենք: Նոյնիսկ ցեղապետութիւններու ընթացքին նման դատավարութիւններ տեղի չեն ունեցած: Ամօ՛թ»:

Յիշեցնենք, որ քանի մը տարի առաջ Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելած Քայան, այդ օր բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով:

comments

Advertisement