Կարէն Խաչանով 24րդ Դիրքի Բարձրացաւ

By Asbarez | Friday, 21 September 2018

0918garen

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Թենիսի արհեստավարժներու միութեան (ATP) կողմէ Սեպտեմբեր 17ին հրապարակուած Թենիսի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներու նորագոյն ցանկին վրայ, հայկական արմատներով ռուս մարզիկ Կարէն Խաչանով 25րդ դիրքէն բարձրացաւ 24րդին, ինչ որ ցարդ իր ապահոված բարձրագոյն դիրքն է:

Նշենք, որ ան այս տարուան ընթացքին աւելի քան 1.5 միլիոն տոլարի մրցանակներ շահեցաւ։

Ցանկը գլխաւորած առաջին տասնեակին մէջ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած. զայն կը գլխաւորեն՝ յաջորդաբար՝ Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա), Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա) եւ Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա)։

comments

Advertisement