Պապը Կը Շնորհաւորէ Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

0919pope

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Վատիկան Նիուզ»ը կը հաղորդէ, թէ Ֆրանսիս պապը շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակին առիթով:

Իր ուղերձին մէջ պապը նշած է, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը իր պատմութեան 300 տարիներուն ընթացքին դիմագրաւած է զանազան դժուարութիւններ: Ան վստահեցուցած է, որ Վատիկանը մի՛շտ յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած է Մխիթար աբբահայրն ու անոր յաջորդները, եւ այսօր եւս պատրաստ է օգնելու ու աջակցելու:

«Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն կը պահանջուի ըլլալ կրօնաւոր մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են Աստուծոյ: Այդ կոչումը կարելի չէ իրականացնել՝ առանց ընկալելու եղբայրներու հետ հաղորդութեան եւ աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը», ուղերձին մէջ նշած է պապը՝ աւելցնելով. «Երանելի Մխիթարը, զոր Պիոս 12րդ պապը դասեց Արեւելեան եկեղեցիներու կրօնական կեանքի մեծ բարեկարգողներու շարքին, եղաւ հայ ազգի հաւատքի ըմբռնումին կառուցողը՝ իր ետին ձգելով հոգեւոր ու մշակութային անվերջանալի ժառանգութիւն, որ տրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ պահպանելու, խորացնելու ու տարածելու, ի նպաստ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան»:

Պատգամի աւարտին, քահանայապետը մաղթած է, որ միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահօր ջահը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փշոտ եւ ծաղկուն ճանապարհը, Քրիստոսի հաւատքով եւ այն յոյսով, որ անոր խօսքը մշտական կեանք կը պարգեւէ:

comments

Advertisement