ՀՅԴի Եւ Հայ Դատի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018

Հանդիպումէն պահ մը

Հանդիպումէն պահ մը

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիակութիւն մը Սեպտեմբեր 26ին հանդիպում ունեցած ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

45 վայրկեան տեւած այս հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան վրայ։

ՀՅԴի եւ Հայ Դատի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Ճորճ Աղճայեան եւ անդամներ՝ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, դոկտ. Հայկ Օշական եւ Ժանօ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

comments

Advertisement