ՀՄԸՄի 100ամեակին Առիթով Հանգանակուած Է Շուրջ 700,000 Տոլար

By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018

1002hmemdonoers

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ կու գայ յայտարարելու, որ 19էն 29 Յուլիս 2018ին, Երեւանի, Գիւմրիի եւ Բիւրականի մէջ իր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար դիմած էր իր աշխարհասփիւռ կառոյցին պատկանող ՀՄԸՄական քոյրերու եւ եղբայրներու, որոնք անվերապահ իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին: Միութեան 100ամեակի ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն իրականացման ի նպաստ հանգանակուեցաւ շուրջ 700,000 ամերիկեան տոլար:

Այս ծիրէն ներս, Կեդրոնական վարչութեան առաջարկով զանազան նուիրատուներու շարքին ունեցանք նաեւ 10 կնքահայրներ, որոնք նուիրատուութեան ծանր բեռը ստանձնեցին:

Կեդրոնական վարչութիւնը եղբայրական երախտապարտութիւնները կը փոխանցէ 100ամեակի կնքահայր քոյրերուն եւ եղբայրներուն.

Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեաններ (Փարիզ)

Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններ (Սան Ֆրանսիսքօ)

Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ (Լոնտոն)

Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններ (Տուպայ)

Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ (Աւստրալիա)

Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Վերժինիա Վահրատեաններ (Աւստրալիա)

ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջան

Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անի Մարութեաններ (Շուէտ)

«Վարդանեան ընտանիք» Բարեգործական Հիմնադրամ

Տէր եւ տիկին Աշոտ Թունեաններ (Սինկափուր):

Կրկին շնորհակալութիւն ՀՄԸՄի 100ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու յաջողութեան իրենց նիւթական ներդրումը ունեցած բոլոր նուիրատուներուն:

comments

Advertisement