Աշխարհահռչակ Երգիչ Շարլ Ազնաւուր Կեանքէն Հեռացաւ

By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018

1002aznavour

Աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուր կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկանին:

Շարլ Ազնաւուրի հայրը՝ Միշան, ծնած էր Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, մայրը՝ Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքը: Շարլի ընտանիքը ամրօրէն կապուած էր ազգային սովորութիւններուն, մայրենիին եւ եկեղեցւոյ: Անոր ծնողները կը մասնակցէին հայերու կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Շարլը: Մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար, պատանի Շարլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր եկեղեցւոյ մէջ:

Աւելի ուշ, ան երգեր գրած է ժամանակի յայտնի երգիչներու համար: 1946ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են՝ համերգներ տալով: Սկզբնական շրջանին, ան երգեց Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացաւ 1959ին՝ Փարիզի «Օլեմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է առաւել քան 1000 երգեր՝ «Այս է վերջը», «Մամա», «Իզապէլ», «Երկու Կիթառ», «Սէրէն ետք», «Երիտասարդութիւն» եւ այլն: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն էր: Ազնաւուր երգած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Լայզա Մինելլիի, Միրէյ Մաթէոյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր՝ Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերեթային երաժշտութիւն:

Ազնաւուր դերեր ստանձնած է առաւել քան 60 ֆիլմերու մէջ՝ «Հռենոսի Անցումը», «Սատանան Եւ Տասը Պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը՝ Պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ Աստղ» մրցանակին: Ուշագրաւ է անոր դերը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմաթիւն անգամներ այցելեց Հայաստան, եղաւ աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ հիմնեց երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» հիմնադրամը, որուն ներկայացուցչութիւնը բացաւ նաեւ Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ ան գրեց «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, եւ թողարկեց տեսահոլովակ՝ Ֆրանսացի 90 երգիչներու ու դերասանններու մասնակցութեամբ:

Քուպայի մէջ, Ազնաւուր Չ. Վալտեզի հետ թողարկած է ալպոմ մը (2007, շնորհանդէսը՝ Մոսկուայի մէջ):

1995էն սկսեալ, Հայաստանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպան էր եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009ին նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշաններով: 2009ին ան ճանչցուեցաւ ԺԻ. դարու լաւագոյն երգիչը:

Ան գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի Մասին» (1975), «Անցած Օրեր» (2004) յուշագրութիւնները:

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ՝ Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000ին՝ Գիւմրիի մէջ՝ անոր անուան հրապարակին մէջ կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004ին զետեղուեցաւ Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ազնաւուրի թանգարանը:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ազնաւուրը հրաւիրած էր Երեւան, մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, որուն ընթացքին ան նաեւ ելոյթ պիտի ունենար:

Նախագահ Մաքրոն Շարլ Ազնաւուրի մահուան վերաբերեալ ցաւակցական գրութիւն արձանագրած է իր «Թուիթեր»ի էջի վրայ, ուր ան կը յայտնէ, որ Ազնաւուրի գլուխ գործոցները պիտի շարունակեն ապրիլ երկար:

«Խորապէս ֆրանսական, ներքնապէս իր հայկական արմատներուն կառչած, ամբողջ աշխարհին յայտնի Շարլ Ազնաւուր ուղեկցած է երեք սերունդներու ուրախութիւններուն եւ տխրութիւններուն: Անոր գլուխ գործոցները, անոր բարեխառնութիւնը, անոր անկրկների փայլքը երկար պիտի գոյատեւեն», գրած է Մաքրոն:

comments

Advertisement