Արամ Կաթողիկոս Եւ Բագրատունի Կը Մերժեն Լիբանանի Հայ Համայնքին Իրաւունքը Խլելու Փորձը

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1019Aram

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով՝ կը գտնուի Ժընեւ, անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պատկանող երկու նախարարներէն մէկը խլելու փորձեր կը կատարուին:

«Նկատի ունենալով այս լուրերը, կ՛ուզեմ իբրեւ պատգամ յիշեցնել առ որ անկ է, թէ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը կը ներկայացուի երկու նախարարով՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս, իսկ այս իրականութեան հակադրուող որեւէ այլ իրականութիւն կը նշանակէ հայութեան իրաւունքները թիրախ դարձնել», ընդգծեց Բագրատունի:

1019Pakradouni

«30 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացուի երկու նախարարով, եւ այս իրականութեան շուրջ կարելի չէ խուսանաւումներ կատարել», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Այս շրջագիծին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնեց, թէ կը մերժէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուած այն առաջարկը, որ կ՛ընդգրկէ հայ համայնքին պատկանող երկու նախարարներէն միայն մէկը շնորհել անոր, իսկ միւսը՝ փոքրամասնութիւններուն յատկացնել:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, իր կարգին, պետական բարձրագոյն օղակներուն մօտ շարունակեց պահանջել կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան լիարժէք իրաւունքը յարգելու սկզբունքը:

Իսկ «Ռաստ Նիուզ»ը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ՝ կը գրէ, որ հայ համայնքը կը մերժէ 30 հոգի հաշուող կառավարութեան մէջ միայն մէկ հայ նախարար ունենալու առաջարկը՝ պնդելով, որ համայնքը կառչած կը մնայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածու նախարարին եւ երկրորդի մը, որ հայ համայնքի մնացեալ հատուածները կը ներկայացնէ:

comments

Advertisement