Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան Թեմերու Վերակազմակերպումով. Արամ Ա.

By Asbarez | Friday, 30 November 2018

1128aram

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին Ազգային Ընդհանուր ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին՝ «Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի», վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ոչ ալ Սփիւռքը մաշի: Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է» եւ կոչ ուղղեց Սփիւռքին սկսելու վերակազմակերպման հաւաքական գործընթացքին:

Այս ծիրին մէջ վեհափառը հրամայական նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հայրապետին նախագահութեամբ եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան մասնակցութեամբ, յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութիւններուն հետ: Նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Քաթարի թեմին հետ: Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն: Անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպումին՝ կաթողիկոսը ըսաւ. «Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է: Լօզունգներէ, կարգախօսերէ ու ճառախօսութիւններէ անդին անհրաժեշտ է գործի լծուիլ: Փաստօրէն ո՜ւշ ենք արդէն: Սփիւռքը իր ներքին սփիւռքներով քաոսային վիճակ մը կը պարզէ այսօր: Սփիւռքը իր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի պէտք է ենթարկուի՝ իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ կերպով: Վերակազմակերպումը որեւէ գաղութի կամ կազմակերպութեան կամ հաւաքականութեան կը սկսի ինքնաքննութեամբ. այլ խօսքով, թերութիւններու ու յաջողութիւններու մատնանշումով ու առաջնահերթութիւններու յստակացումով: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնանք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ միայն անցեալով հպարտանալու տեսական ու զգացական մօտեցումներէ: Մատը պէտք է դնել վէրքին վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը: Ներքին բեւեռացումներու, ջլատումի, անորոշութեան ու մաշումի առաջքը առնելու համար, Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպումի գործընթացին մղել եւ այս շրջագիծէն ներս Կիլիկեան թեմերը կարեւոր դեր ունին կատարելիք»։

comments

Advertisement