By Asbarez | Saturday, 15 December 2018
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսահայ լրագրող ու քաղաքական գործիչ Հայկօ Պաղտատ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան գործօն անդամներէն մէկն է եւ որ իրեն դէմ եղած սպառնալիքներուն հետեւանքով ներկայիս արտասահման մեկնած է, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի մասին գրուած գրութեան մը համար դարձեալ թշնամանքի ու սպառնալիքի նշաւակ դարձաւ։
Հայկօ Պաղտատ 6 Դեկտեմբերին, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած էր, որ Սոյլու դատարանին կողմէ պէտք է դատուի երկրին մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով։
Հայկօ Պաղտատի այս գրութեան դէմ ծանր պատասխան մը եկաւ Պոլսոյ «Պայսալ» համալսարանի ընկերաբանութեան բաժինի նախագահ, փրոֆ. Եահեա Մուսթաֆա Քոսքինէն, որ գրեց. «Եթէ կրնաս, եկուր ու դատէ տեսնենք, սուրի աւելցուք»։
«Սուրի աւելցուք» բացատրութիւնը շատ լուրջ եւ նախատական արտայայտութիւն է եւ կը նշանակէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող։ Քեսքինի այս արտայայտութիւնը տեղի տուաւ ծանր հակազդեցութեան, եւ Քեսքին աւելի ուշ պարտադրուած եղաւ փակելու «Թուիթըր»ի իր էջը։
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին անունով Էրեն Քեսքին 11 Դեկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ըսուեցաւ, թէ դատական հետապնդում պիտի կատարուի փրոֆ. Քեսքինի դէմ։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian