Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արծարծեց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը

By Asbarez | Thursday, 20 December 2018

1218garopaylan prlm

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ցնցիչ ելոյթ մը ունեցաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ դիտել տուաւ, որ երկրին բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքերը պէտք է հաւասարպէս յարգուին։ Փայլան տասը վայրկեան խօսեցաւ եւ անոր խօսակցութիւնը ուղղակի սփռուեցաւ պատկերասփիւռի պետական կայանէն։

«Մենք իրարու կը նմանինք. թուրք ենք, քիւրտ ենք, հայ ենք, ասորի ենք, քրիստոնեայ ենք, իսլամ ենք, բայց այս հողերուն ժողովուրդներն ենք եւ առանց իրարու նայելու, չենք կրնար մենք զմեզ բացատրել։ Թուրքին պատմութիւնը չի կրնար գրուիլ առանց քիւրտի, հայու, ասորիի։ Ատոր հակառակն ալ ճիշդ է, ընկերներ։ Այս տեսակէտով բոլորս ալ պէտք է պատմութեան նայինք զանազանութեանց տեսանկիւնէն։ Միակողմանի եւ առանձնակի մեկնաբանութենէն բոլորս ալ վնաս կը կրենք», ըսաւ Փայլան։

Կարօ Փայլան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ սահմանադրութեան համաձայն, ան որ Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացիութեան կապուած է, թուրք է։ «Այսինքն ես՝ ըստ սահմանադրութեան, թուրք եմ, չէ՞։ Ես հայ եմ, ընկերներ, թէեւ պատիւ կը զգամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացին ըլլալէ, սակայն ես հայկական ինքնութիւն ունեցող հայրենակից մըն եմ։ Մէկ հոգի իսկ հայ ըսա՞ւ, ընկերներ։ Մէկ հոգի քիւրտ ըսա՞ւ, մէկը լազ, չէրքէզ, արաբ ըսա՞ւ։ Մէկը ըսա՞ւ, որ լազերու լեզուն անհետանալու վրայ է։ Պէտք է միջոցներու դիմենք այդ անհետացման դէմ։ Նոյնը հայերէնին համար։ Ձեզմէ ոեւէ մէկը ըսա՞ւ, որ քիւրտերը եւս իրենց լեզուն ունին։ Քսան միլիոն քիւրտ կ՛ապրի այս երկրին մէջ։ Քիւրտերու լեզուին վերաբերեալ որեւէ միջոցառում առնուեցա՞ւ։ Պէտք է առնուի, պէտք է դրամական յատկացում կատարուի։ Հայերէնն ալ հռչակուեցաւ որպէս անհետանալու վրայ եղող լեզու։ Ես չլսեցի, որ ոեւէ մէկը խօսի այդ մասին։ Տեսէք, ես իմ ժողովուրդէս օրինակ մը տամ։ Մենք տարիներէ ի վեր հայոց պատրիարք չենք կրնար ընտրել։ Արտօնութիւն չէք տար, վերջն ալ պետական կառավարիչ մը կը նշանակուի հոն։ Մենք հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր մեր պատրիարքը ընտրած ենք։ Հիմա կառավարիչ մը նշանակուեցաւ։ Մենք իրաւունք չունի՞նք մեր պատրիարքը ընտրելու», ըսաւ Փայլան՝ շարունակելով. «Անցեալ օր այս երկրին մէջ կրօնական տեսչութեան նախագահութեան համար մեծ ամավարկ յատկացուեցաւ. թող ըլլա՛յ։ Հարիւր հազար իմամի ամսաթոշակ պիտի վճարուի։ Այս երկրին մէջ հարիւր հատ ալ քահանայ կայ, քսան հատ ալ խախամ կայ։ Ոեւէ մէկը ըսա՞ւ, որ ասոնց ալ պիւտճէ մը յատկացնենք։ Տեսէ՛ք, դուք հոս կը պաշտպանէք պալքանեան երկիրներու մէջ ապրող թուրքերու իրաւունքները։ Բոլորս միասին պաշտպանենք, որովհետեւ անոնք իսկապէս խտրականութեան ենթարկուած են։ Բայց այդ ընելու ընթացքին, անգամ մըն ալ դառնանք եւ հայելիին նայինք։ Մինչ մենք Պուլկարիան եւ Յունաստանը կը քննադատենք՝ ըսելով, որ հոն ապրող մեր ժողովուրդը իմամ չի կրնար ընտրել, նոյնը մենք հոս չե՞նք ըներ։ Ինչո՞ւ մենք ճիշդը ընելով Պուլկարիային եւ Յունաստանին չկարենանք ըսել. «Մենք շիտակը ըրինք, դուք ալ շիտակը ըրէք»։ Այդ երկիրները Օսմանեան պետութենէն բաժնուած երկիրներ են, ընկերներ։ Օսմանցիները ազգերու դրութիւն մը հաստատած էին։ Օսմանցին ինքզինքը մէկ ազգ մէկ պետութիւն չնկատեց։ Բոլոր ազգերուն ազատութիւն տուաւ։ Բոլորն ալ իրենց լեզուով եւ մշակոյթով հիմնարկութիւններ ապրեցուցին։ Անատոլուն գունագեղ էր։ Իսկ այսօր երկիրը բոլորովին գորշ դարձած է»։

Առանց կարեւորութիւն տալու բարձրացող առարկութիւններուն՝ Կարօ Փայլան շարունակեց եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կը կորսնցնենք եթէ մեր երկիրը ծանօթացնենք իր իրական պատմութեամբ, եթէ իրարու բացատրենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ միասին ապրելու իրաւակարգը։ Հաւանաբար հեռատեսիլէն ամէն գիշեր կը դիտէք Ապտուլհամիտի մասին յայտագիրը, ուր որ դաւաճան մը կայ, հայ է, յոյն է, կամ հրեայ է։ Ուր որ գող-աւազակ կամ կողոպտիչ մը կայ, հայ է։ Մինչդեռ Ապտուլհամիտ կառավարական անձնակազմին կէսը բաղկացուցած էր հայ եւ յոյն քաղաքացիներէ։ Նոյն իրաւունքները տրուեր են ալպանացիներու, չէրքէզներու, սերպերու։ Օսմանեան պետութիւնը ի՞նչ կորսնցուցեր է այս բոլորէն։ Թուրքերը եկան, բարի եկան, մեր գլխուն վրայ։ Բայց հոս հայեր կամ սուրիանիներ ալ կային։ Օսմանցիները այդ ազգութիւնները չփորձեցին բանտարկել միակ շապիկի մը մէջ»։

Կարօ Փայլանի այս ելոյթը մեծ ցնցում եւ իրարանցում ստեղծեց երեսփոխաններու շարքին մէջ։ Փայլանի խօսքը յաճախ ընդհատուեցաւ եւ բարկութեան ձայներ բարձրացան։

Մանիսայի երեսփոխան Էրքան Աքչայ հարցուց. «Ուրեմն ինչո՞ւ հնչակները մահափորձ սարքեցին Ապտուլհամիտի դէմ», ապա խօսքը ուղղելով Կարօ Փայլանին՝ ըսաւ. «Դուն ցեղապաշտ ես, բոլոր ըսածներդ ցեղապաշտ մօտեցումի արդիւնք են»։

comments

Advertisement