Համաձայն Չենք, Որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Վերանայ

By Asbarez | Sunday, 30 December 2018


1221ramgavar

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ յառաջիկային կը սպասուին լուրջ փոփոխութիւններ. կը նախատեսուի 17 նախարարութիւններէն պահել 12ը: Իսկ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ ստեղծուած էր 1 Հոկտեմբեր 2008ին, ունեցաւ տասը տարուան կեանք եւ այժմ անիկա պիտի լուծարուի: Կը նախատեսուի, որ Սփիւռքի հետ աշխատանքները այսուհետեւ համակարգուին փոխվարչապետին կողմէ: Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը միանշանակ չ՛ընդունուիր Սփիւռքի կողմէ: ՌԱԿի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տաքէսեան համաձայն չէ նախարարութեան լուծարման:

«Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ան նշեց, որ նախարարութիւնը իր գործունէութեան տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալեց շատ լաւ գործունէութիւն, փորձեց հայրենիք-Սփիւռք կապերը առաւել ամրապնդել, եւ յաջողեցաւ անոր մէջ: «Մենք համաձայն չենք, որ սփիւռքի նախարարութիւնը վերանայ: Կը զարմանամ, թէ ինչո՛ւ պէտք է լուծարուի նախարարութիւնը», ըսաւ Աւետիս Տաքէսեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման՝ ըստ որուն նախարարութիւնը իր բուն առաքելութիւնը չէ կատարած, Աւետիս Տաքէսեան ըսաւ, որ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ամէն ինչով գերազանցած է, եւ որեւէ թերութիւն չկայ անոր գործունէութեան մէջ:

Սփիւռքի երիտասարդ նախարար Մխիթար Հայրապետեան, օրինակ, սփիւռքի նախարարութիւնը կը համարէ խորհրդանշական գերատեսչութիւն: 88 աշխատակից ունեցող գերատեսչութեան ղեկավարը նշեց, որ նախարարութիւնը իր առջեւ չէ դրած  յաւակնոտ հարցեր: Աւետիս Տաքէսեան համաձայն չէ այս գնահատականներուն հետ, համաձայն չէ, որ քաղաքական կամք եւ գիտելիք չկար, որ բովանդակութիւն կը հաղորդէր անոր: «Սխալ է զայն լուծարելը, սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է մնայ: Հայութեան եօթը միլիոնը դուրսն է, հիմա այդ եօթը միլիոնին ոչ ո՞ք պէտք է ներկայացնէ: Եւ եթէ հակառակը ըլլար, որ Հայաստանի մէջ ըլլար եօթը միլիոն հայ, իսկ դուրսը՝ երեք միլիոն, նոյնն է, անհրաժեշտ է նախարարութիւն ունենալը», ըսաւ ան:

Աւետիս Տաքէսեան չի հասկնար նախարարութեան լուծարման իրական նպատակը: Ըստ անոր՝ եթէ նախարարութիւնը կը վերագրեն ՀՀԿին եւ հիմա կ՛ուզեն ազատիլ անկէ, սխալ մօտեցում է:

ՍԴՀԿի Լիբանանի վարչութեան փոխատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեան, «Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցին ընթացքին թէեւ նշեց, որ Սփիւռքի թէ՛ նախկին, թէ՛ ներկայ նախարարէն գոհ եղած են, սակայն հիմա կը վստահին կառավարութեան, եւ եթէ կառավարութիւնը որոշած է լուծարել զայն, ատիկա կառավարութեան գործն է. «Ասիկա Հայաստանի պետութեան գործն է, հիմա պիտի ըլլայ նախարարութիւն, թէ որեւէ կոմիտէի տնօրէն՝ կարեւորը աշխատանքն է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ տարբերութիւն չկայ՝ Սփիւռքի հետ կապեր պիտի հաստատէ փոխվարչապե՞տը, թէ նախարարը:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ համաչափ ըլլայ գործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ: Կարեւորը ժողովուրդի կեանքին բարելաւումն է, վարչապետէն յոյսը եւ սպասումները շատ մեծ են», ըսաւ ան:

Մարտիկ Ժամկոչեան նշեց, որ ՍԴՀԿը վարչապետին 100 տոկոս զօրակցութիւն յայտնած է, եւ հիմա կը մնայ մէկ բան՝ յաջողութիւն մաղթել վարչապետին իր բարդ պարտականութիւններու կատարման մէջ: «Հայաստան, շատ կը ներէք, «Քոնկրես» հիւրանոցէն մինչեւ «Անի» հիւրանոցը չէ, Հայաստան իր ամբողջ տարածութեամբ է՝ Արցախն ալ ներառեալ, մենք ամբողջ հայ ժողովուրդի կեանքի փոփոխութիւն կ՛ուզենք, որ մենք ալ քաջութիւնը ունենանք գալու հաստատուելու», աւելցուց Լիբանանի ՍԴՀԿի վարչութեան փոխատենապետը:

comments

Advertisement