Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ելոյթը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութեան

By Asbarez | Monday, 04 March 2019

0226hagop1

21րդ դարուն հայ ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը կը ներկայացնեն խայտաբղէտ իրականութիւն մը, ուր, մէկ կողմէ, հայութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն իրագործած է հոյակապ ձեռքբերումներ՝ Հայաստանը անկախ է, Արցախը ազատագրուած, Ջաւախքի հայութիւնը իր ոտքերը ամուր կպցուցած է հողին, եւ Սփիւռքը քաղաքականացած է ու պատնէշի վրայ: Մեծ իրագործումներ, որոնց մասին մենք մեր պատանի տարիներուն միայն կրնայինք երազել, միայն կրնայինք յուսալ եւ հաւատալ, ամրօրէն հաւատալ, որ օր մը կը դառնան իրականութիւն:

Միւս կողմէ, բնականաբար, հայութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, Արցախի հիմնահարցի, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացի, ջաւախահայութեան հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Սփիւռքի վերաշխուժացման ու գօտեպնդման, հայապատկան հողերու վրայ ապրող հայութեան զարթօնքին եւ Հայ Դատի նոր ոլորտներու զարգացման տեսանկիւնէն: Եւ այս ամբողջ աշխատանքներուն հոյլին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի իր իւրայատուկ դերը:

Իբրեւ համաշխարհային հասողութիւն ունեցող, համազգային տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ յստակ է, որ ՀՅԴն լոկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, որ կը գործէ հայրենիքի մէջ, անիկա հայութեան շահերը պաշտպանող այն մեծ կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ ամէնուրեք, անիկա ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրան է, որ կարողացած է այսօր աւելի քան 128 տարիներ իր մէջ շաղախել, իր մէջ համարկել իր այդ երկու էութիւնները միաժամանակ:

0226hagop2

Կասկած չկայ, որ ՀՅԴի ժողովրդավարական, յեղափոխական նկարագիրը, իր ազգային դիմագիծը, եւ իր ունեցած յստակ տեսլականը յոյս ներշնչած է հայ ժողովուրդին եւ այդ ուղղութեամբ մեծ իրագործումներու դուռ բացած է մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ:

Կասկած չկայ նաեւ, որ ՀՅԴն կոչուած է խոնարհաբար ծառայելու մեր ժողովուրդին, իրականացնելու համար երեք բառերով խտացուած մեր ժողուրդի իտէալը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, ատոր աւելցնելով անշուշտ, ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական զարգացման հիմնական առաջադրանքները:

Կասկած չկայ, որ մեր այս ձեռքբերումները, այսօր կարելի չէ նկատել ամբողջական կամ վերջնական, որովհետեւ մեր գործը երկար է, եւ ՀՅԴն այն մղիչ ուժն է, որ կը փորձէ համախմբել համահայկական բոլոր ուժերը, այն կառոյցները, այն կազմակերպական միաւորները, որոնք կը գործեն Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, որպէսզի համախմբուին մեր ազգային օրակարգի շուրջ եւ հիմնական հարցերու մէջ, ուր տարակարծութիւններ չկան այսօր, անոնցմէ ամէն մէկը վերցնէ իր բաժինը՝ ի սպաս մեր ժողվուրդին եւ ի նպաստ մեր հայրենիքին:

Ի՞նչ են սակայն հիմնական առաջադրանքները. քիչ առաջ նշուեցաւ, որ նոր Բիւրօ ընտրուած է Յունուար 2019ին, եւ բնականաբար նոր աւարտած մեր 33րդ Ընդհանուր ժողովը գծած է ընդհանուր ռազմավարութիւնը, որ կը ճշդէ մեր յառաջիկայ տարիներու ընելիքները:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները ռազմավարական իմաստով որոշումներ կը կայացնեն, եւ այդ որոշումներուն՝ մարտավարական ծրագիրներու վերածելը, այդ որոշումներուն ժամկէտները ճշդելը կը մնայ Բիւրոյի եւ մեր շրջանային մարմիններուն վրայ:

Ես այսօր կը ներկայանամ ձեզի, մեծ ուրախութեամբ, որպէս Սփիւռքի մեր առաջին շրջանի իմ այցելութիւնը՝ տակաւին այդ ծրագրումը չսկսած: Մի քանի օրէն մենք պիտի գտնուինք Հայաստան, որպէսզի սկսինք այդ ծրագրումը եւ մենք կարողանանք մեր 33րդ ժողովի որոշումներուն, բանաձեւերուն կեանք տալ, ծրագիր մշակել եւ այդ ծրագիրը գործադրութեան դնել:

Ի՞նչ էին հիմնական ուղղութիւնները. բնականաբար առաջինը մեր հայրենիքի՝ Արցախի եւ Հայաստանի պարագային: Պայմաններու բերումով, այսօր Արցախը անկախ հանրապետութիւն է, միջազգայնօրէն աշխատանք կը տանինք այդ անկախութիւնը ճանչցնելու համար, բայց բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ ՀՅԴի եւ ամբողջ հայ ժողվուրդի վախճանական նպատակը Արցախը տեսնել է ամբողջապէս միացած Հայաստանին: Մեր այսօրուան արտաքին ազդակներու թելադրած քաղաքական պայմաններու բերումով է, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումով եւ Արցախի անկախութեան ճանաչումով է, որ կ՛ուզենք հարթել այդ ճանապարհը, որպէսզի ստեղծենք մեր միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանը:

0226arfday1

Ձեռնարկին ընթացքին ՀԵԴական դառնալու խոստում տուած պատանիները

Այսօր հայրենիքի մէջ, ՀՅԴն, Հայաստանի պարագային, խորհրդարանին մէջ չէ, իսկ Արցախի պարագային երկրորդ կարեւորագոյն ուժն է: Բնականաբար, Արցախի պարագային, ՀՅԴի էութիւնն իսկ Արցախն է, ՀՅԴի յստակ առաջադրանքն է, որ այսօր կը հպարտանանք Արցախի անկախութեամբ եւ Արցախի ձեռք բերած արդիւնքներով, որուն մէջ նաեւ իր բաժինը ունի ՀՅԴն, այդ ուրախութիւնը, այդ հպարտութիւնը մեզ պէտք չէ մոլորեցնէ, մեզ պէտք չէ շեղէ այն ճանապարհէն, որ զգուշաւորութեամբ մօտենանք Արցախի հարցին, որ արեան գնով, տարիներու վրայ տարածուած պայքարով մեր ազատագրած Արցախի իրաւունքները յանկարծ չմսխուին բանակցութիւններու սեղաններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ ուրախ ենք յայտարարելու, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, ինչպէս Դաշնացկութիւնը անցեալին, այսօր իրենք ալ կը շեշտաւորեն, որ Արցախը պէտք է ինք՝ իբրեւ անկախ միաւոր վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին, դառնայ այդ բանակցող կողմերէն մին, երկրորդ, որ որեւէ լուծում Արցախեան հիմնահարցին, կարելի չէ պատկերացնել առանց Արցախի կառավարութեան եւ Արցախի ժողովուրդին որոշումին:

Մենք առաջին իսկ առիթով, հանդիպումներ ունեցանք մեր երկու հանրապետութիւններու բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ, ուրախ եմ ըսելու, որ Հայաստանի պարագային, մենք պարոն Փաշինեանին փոխանցեցինք ամբողջական գործակցութեան մեր պատրաստակամութիւնը  այն հարցերուն մէջ, որոնք այդ ժողովրդային շարժման, «թաւշեայ յեղափոխութեան» մեծագոյն ձեռքբերումներն են՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար, ժողվրդավարութեան ամրապնդում, ինչու չէ, նաեւ յուսալով մոնոփոլիներու (մենաշնորհներու) վերացում, ահա այն մարզերը, որոնց մէջ մենք ամբողջական գործակցութեան ջատագովն ենք: Սակայն, նոյն այս հանդիպումներուն ընթացքին, մենք հնչեցուցինք մտահոգութիւններ, որովհետեւ պիտի աշխատինք մենք համակուսակցական առումով եւ կը յուսամ, որ պիտի աշխատին մեր բոլոր կառոյցները եւ պետական այրերը, որ բոլոր այդ մտահոգութիւնները փարատին:

0226hagop3

Առաջին մտահոգութիւնը կը վերաբերի Արցախի հիմնահարցին, եւ այս կապակցութեամբ վերջին շրջանին կայ հսկայական եռուզեռ, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ, Ատրպէյճանի կողմէ, կայ լաւատեսութիւն այս երկիրներուն կողմէ, մեր թշնամիին կողմէ, թէ անմիջապէս պիտի արձանագրուի յառաջընթաց, նոյնիսկ կը նշուի 2019ի գարունը, եւ այս չափազանցեալ լաւատեսութիւնը, որ հաւատալի չէ, մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ այս հանգրուանին, բանակցութիւններու այս ժամանակ կարելի չէ երեւակայել, որ որեւէ արագացուած լուծում հայկական նպաստաւոր արդիւնքներ կրնան ունենալ: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի վրայ ճնշումը պիտի աւելնայ, օտար ուժերու կողմէ եւ իրենց շահերէն մեկնած այդ ճնշումը պիտի գործադրուի այս ճակատագրական պահուն, եւ այդ ուժերը պիտի փորձեն Հայաստանի մէջ այս փոփոխութիւնները օգտագործել ի նպաստ իրենց շահերուն եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կրնան Հայաստանի նոր իշխանութիւնները փորձի ենթարկել: Այդ իսկ պատճառով, մենք պատրաստ ենք՝ օժանդակելու Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ անոնք մնան ամուր, անշեղ, մնան անզիջող Արցախեան հիմնահարցի խնդրով, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մենք կարող ենք զարգանալ Հայաստանով եւ Արցախով՝ առանց զիջումներու, մենք կը հաւատանք, որ կարող ենք ստեղծել մեր երազած հայրենիքը եւ հիմերը դնել ապագայ միացեալ Հայաստանին՝ առանց որ որեւէ լուրջ զիջում տեղի ունենայ Արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններուն ընթացքին:

Մինչեւ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան բացարձակապէս կը մերժէ ընդունիլ անգամ այն իրողութիւնը, թէ ինք կորսնցուցած է պատերազմը, 1994ին ստորագրած է զինադադար, եւ շարունակաբար կը փորձէ պաղ պատերազմը, որ գոյութիւն ունի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ բռնկեցնել, որուն վերջին փորձը 2016ի Ապրիլն էր, ոչ մէկ ձեւի բանական բանակցութիւններ, ոչ մէկ ձեւի զիջումներու մասին խօսք անգամ իմաստ ունի եւ հայկական կողմը պէտք է ամբողջովին մերժէ այդ զիջումները:

comments

Advertisement