Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հիւրընկալեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանը

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0306ashodghulian

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Երեքշաբթի, 5 Մարտին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի առաջնորդած պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի ՀՅԴ կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ Պելճիքայի Հայ Օգնութեան Միութենէն, Համազգայինէն, ՀՅԴ «Արամ Երկանեան» Երիտասարդական Միութենէն Եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն:

Ողջունելով Պարոն Ղուլեանը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ Դատի գրասենեակի պատրաստակամութիւնը շարունակելու օժանդակել Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները Եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ:

Աշոտ Ղուլեան, իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութեան, անոր ուղեկից միութիւններուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն դերակատարութիւնը ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչման պայքարին մէջ:

«Խորհրդարանին մէջ երբ մեր գործունէութիւնը կ՛ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու վերաբերող նիւթերու մասին, պարբերաբար կ՛ընդգծենք Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները», յայտարարեց Ղուլեան՝ աւելցնելով. «Պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք ջերմեռանդութեամբ»:

Անդրադառնալով հանդիպման՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս առաջին անգամը չէ, որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ՛այցելեն մեր գրասենեակը: Այսպիսի հանդիպումները կարեւոր կը համարեմ՝ Սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը առաւել եւս զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով»:

Չորեքշաբթի 6 Մարտին, արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալէքսանեան, պիտի մասնակցի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպած «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

comments

Advertisement