Տինքի Սպանութեան Անվերջանալի Դատավարութիւնը Պիտի Շարունակուի

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0308hrantՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 12, 13 եւ 14 Մարտին պիտի շարունակուի Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը:

Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ կայանալիք դատական նիստին ընթացքին պիտի շարունակուին վկաներու լսումները: Ինչպէս ծանօթ է՝ այս դատավարութեան շրջագիծին մէջ կը դատուին 85 մեղադրեալներ, որոնցմէ հինգը բանտարկուած է:

Դատարանը նախորդ տարուան Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նիստերուն ընթացքին ազատ արձակած էր նախկին զօրավարներէն Համզա Ճելեպօղլուն եւ Պոլսոյ ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կազմի լրաքաղութեան բաժինի աշխատակից Եաւուզ Գարագայան:

Նախորդ նիստերուն նման, այս նիստերուն եւս իրենց վկայութիւնները բերելու հրաւիրուած են ընդհանրապէս պետական պաշտօնեաներ: Այս է պատճառը, որ «Հրանդի ընկերները» հարթակը այս ոճիրին վերաբերեալ յաճախ կը վանկարկէ «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տա՛յ» նախադասութիւնը:

comments

Advertisement