Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

0320Regione-Lazio

ՀՌՈՄ.- Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, 18 Մարտին, Լացիօ մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն եւ պատմական ճշմարտութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս անոնց մղած պայքարին։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը ներկայացուց Լացիօ մարզի խորհրդարանի անդամ Սերճիօ Փիրոցցի, որ այս առթիւ հայ համայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնեց, թէ այս քայլը «ճշմարտութեան ու զօրակցութեան անկեղծ արտայայտութիւն մըն է՝ ի նպաստ ազգի մը, որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»:

Փիրոցցի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս քայլը երիտասարդներուն ու ապագայ սերունդներուն համար ըլլայ յստակ պատգամ մը, որ այսպիսի ոճիրներ երբեք պէտք չէ կրկնուին:

Լացիօ մարզի այս որոշումով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իտալիոյ քաղաքային, գաւառային եւ մարզային մարմիններուն թիւը հասաւ 136ի։ Անոնց ընդհանուր ցանկը կարելի է կարդալ՝ www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricordaկայքէջին վրայ։

comments

Advertisement