Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Էրտողանի Միջամտութիւնը Անընդունելի Է

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

0323europehaytad

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ պատրիարքի բարեկամներուն եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին:

«Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին: Պատրիարք Մութաֆեանի հիւանդութեան ամբողջ ընթացքին թրքական իշխանութիւնները կ՛օգտագործէին ամէն առիթ՝ խոչընդոտելու ընտրական հոլովոյթը, պառակտելու հայկական համայնքը եւ թոյլ չտալու գործադրել նոր պատրիարք ընտրելու իրենց իրաւունքը: Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքի վախճանումէն ետք Էրտողանի վարչակարգը չի կրնար այլեւս յետաձգել ընտրութիւններու կազմակերպումը: Այսուհետեւ ընտրական հոլովոյթին մէջ թրքական իշխանութիւններու որեւէ միջամտութիւն անընդունելի է: Թուրքիոյ հայերը ազատ են՝ ընտրելու իրենց հոգեւոր առաջնորդը», կ՛ըսուի Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

comments

Advertisement