By Asbarez | Thursday, 11 April 2019
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Պապ Մենենտեզ եւ նախագահութեան հանրապետական նախկին թեկնածու Թետ Քրուզ 9 Ապրիլին, Ծերակոյտին ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ մը, որ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջնորդութեամբ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած բանաձեւին նման, շեշտը նոյն ժամանակ կը դնէ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ դնելու, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ոգեկոչելու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութեան վրայ՝ ա-պագայ ցեղասպանութեանց կան-խարգիլման պայքարին մէջ։
Իբրեւ բանաձեւի հովանաւորներ՝ ծերակուտականներ Մենենտեզին եւ Քրուզին միացած են հետեւերալ 14 ծերակուտանները՝ Չարլզ (Չաք) Շումըր, Թեմի Տաքուըրթ, Տայէն Ֆայնսթայն, Քորի Կարտնըր, Քամալա Հերիս, Էտուըրտ Մարքի, Կերի Փիթըրզ, Ճեք Ռիտ, Մարքօ Ռուպիօ, Տեպի Սթեպընաու, Թամ Եուտալ, Քրիս Վան Հոլըն, Էլիզապէթ Ուորըն եւ Ռան Ուայտըն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականներ Մենենտեզին եւ Քրուզին՝ դրուատելով Ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ ջանքերուն դէմ դնող այս բանաձեւը ներկայացնելու անոնց քայլը։
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները տարբեր առիթներով արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, որուն հետեւանքով այժմ շեշտը պէտք է դրուի հետեւեալ կէտերուն վրայ.
– Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում՝ պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակման միջոցաւ.
– Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններ ուրանալու ջանքերուն ազդու հակադարձութիւն.
– Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդում, շեշտը դնելով նաեւ անկէ վերապրողներուն տրամադրուած ամերիկեան աջակցութեանց վրայ։
Նշենք, որ նոյն օրը, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Հայ Դատի ղեկավարներ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցան ծերակուտականներ Մենենտեզի եւ Քրուզի հետ։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian