Արցախի Մասին Զրոյց՝ «Քենթ» Համալսարանի Պրիւքսէլի Մասնաճիւղէն Ներս

By Asbarez | Tuesday, 20 December 2011

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Արցախի հիմնախնդիրին նուիրուած «Պետութեան տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» նիւթով կլոր սեղան-զրոյց մը իրականացաւ Դեկտեմբեր 10ին, «Քեն»չ համալսարանի Պրիւքսէլի մասնաճիւղէն ներս. անոր յատուկ հրաւէրով մասնակցեցաւ Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան:

Միջազգային գիտութեանց դասախօս Մարաթ Թերթերով բացումը կատարեց զրոյցին, եւ նշեց անոր կարեւորութիւնը՝ մատնանշելով նման ձեռնարկի մը աննախընթաց ըլլալն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսքը տրուեցաւ Յարութիւն Գրիգորեանի, որ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիմունքները: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց արցախահայութեան տարած պայքարը՝ միջազգային ճանաչում ստանալու եւ ժողովրդավար պետութիւն մը կերտելու համար: Յաջորդեց հարց ու պատասխան եւ կարծիքներու փոխանակում՝ ուսանողներուն եւ ԼՂՀի ներկայացուցիչին միջեւ:

Նշենք, որ Յարութիւն Գրիգորեան ներկայիս Գերմանիոյ Փոցտամ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի մագիստրոսի դասընթացքներուն կը հետեւի՝ պաշտպանելով «Ժողովուրդներու ինքնորոշումը ընդդէմ պետութեան հողային ամբողջականութեան» թէզը:

comments