Հրանդ Տինքի Աղջիկը Կ՛ամուսնանայ «Ակօս»ի Խմբագիրին Հետ

By Asbarez | Tuesday, 20 December 2011

ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դուստրը՝ Տելալ, վերջերս ամուսնացաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի ներկայ գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի հետ:

Ըստ թրքական «Աքշամ» թերթին, զոյգի պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Պոլսոյ Քումքափը թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեւոյ մէջ, իսկ 275 հոգինոց հարսանեկան հանդէսը կազմակերպուած է Պէյօղլուի «Փոնթէ» (Ponte) ճաշարանին մէջ:

Հարսանեկան արարողութեան ներկայ եղած են յայտնի թուրք լրագրողներ Հասան Ճեմալ, Օրալ Չալըշար, Ալի Պայրամօղլու, Ճենկիզ Չանտար, Պանու Կիվուեն, Էթյէն Մահչուփեան եւ ուրիշներ: Հարսանեկան հանդէսին ընթացքին, մասնակիցներուն խնդրանքով բազմաթիւ անգամներ հնչած են Հրանդ Տինքի սիրած «Սարը Կելին» երգը:

Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, հարսանեկան խնճոյքին ներկայ եղած է սեւ զգեստով եւ պարահրապարակ չէ յայտնուած պարելու:

comments