Հայաստանի Եւ Արցախի Հետ Կապերը Սերտացնելու Կարելիութիւնները Կը Քննուին Ուաշինկթընի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 16 April 2019

 

0416Kent_ANCA

Ձախէն աջ՝ Թերեզա Երիմեան, Ճորճ Քենթ, Րաֆֆի Համբարեան եւ Արամ Պալեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ շինիչ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ճորճ Քենթի հետ։

10 Ապրիլին տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Թերեզա Երիմեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Պալեան։ Հանդիպման ընթացքին քննուեցան գլխաւորաբար հետեւեալ հարցերը.

– Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան լոյսին տակ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական յարաբերութեանց սերտացման փոխշահաւէտութիւնը.

– Արցախի մէջ զինադադարի ամրապնդում, Հայաստան-Արցախ յարաբերութեանց առջեւ դրուած խոչընդոտներու վերացում եւ ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւններ Արցախին.

– Վերջ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման՝ Թուրքիոյ քայլերուն ամերիկան մեղսակցութեան, յստակօրէն ընդունելով այդ ոճիրին պատմական իրողութիւնը։

comments

Advertisement