Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնական Հանդիպումները Կը Շարունակուին Որուկուէյի ՄԷջ

By Asbarez | Saturday, 27 April 2019

0427urugway1

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- 25 Ապրիլին, Ուրուկուէյ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ 2019ի աշնան տեղի ունենալիք Ուրուկուէյի նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած իշխող եւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու թեկնածուներուն հետ:

Խորհրդարանին մէջ, ծերակուտական Լուիս Լաքազէ Պոյի հետ հանդիպման ընթացքին Արցախի պատուիրակութեան ղեկավարը՝ նախարար Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները: Կողմերը քննարկեցին Ուրուկուէյի եւ Արցախի միջեւ խորհրդարանական կապերու ստեղծման եւ խորացման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Ուրուկուէյի մայրաքաղաքի նախկին քաղաքապետ Տա-նիէլ Մարթինեսի խնդրանքով նախարար Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները:

Ուրուկուէյի արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախկին նախարար Քարոլինա Քոսէի հետ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ իշխող «Լայն ճակատ» դաշինքի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, միտքեր փոխանակուեցան Ուրուկուէյի մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման կարելիութիւններուն մասին:

Անկախ Ուրուկուէյի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն, կողմերը արժեւորեցին շփումներու շարունակականութիւնը:

comments

Advertisement