Նոր Զարթօնքի Գործիչներէն Ալեքսիս Քալք Ձերբակալուեցաւ

By Asbarez | Wednesday, 01 May 2019

0501Alexis Kalk

ՊՈԼԻՍ, «Արմինիըն Ուիքլի».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս տարի արգիլած էին Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակներուն վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները, անոնք չէին ընդդիմացած Պոլսոյ Շիշլի շրջանին մէջ Հայոց գերեզմանատան մէջ ծրագրուած Սեւակ Պալըքճըի շիրիմին շուրջ հաւաքը։

Սակայն, ութ տարի առաջ, Սասուն նահանգին մէջ, զինուորական ծառայութեան ընթացքին թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան տակ, իսկ ձեռնարկէն ետք ձերբակալուեցաւ անոր ընթացքին խօսք արտասանած՝ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական նախաձեռնութեան գործիչներէն Ալեքսիս Քալք։

Ոստիկանները անոր հարցումներ ուղղեցին իր ելոյթին մասին, որուն ընթացքին ան օգտագործած էր «Հայոց Ցեղասպնութիւն» բառերը՝ շեշտելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի արդար հատուցում ապահովելու ոչ միայն Սեւակի սպանութեան, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն ուղղութեամբ։

Քլաք աւելի ուշ ոստիկանատունէն ազատ արձակուեցաւ:

Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Քլաքի հետ ոստիկանատուն գնաց։

0501Balikci

Սեւակ Պալըքճըի ծնողքը՝ Անի եւ Կարապետ, իրենց զաւակին լուսանկարին հետ

comments

Advertisement