ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Նախագահ Աունին

By Asbarez | Saturday, 04 May 2019

0504hagop

ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հինգշաբթի, 2 Մայիսին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան ընդհանուր հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին՝ լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ գուրգուրանքին համար՝ շեշտելով, որ հայութեան նկատմամբ նախագահ Աունի կեցուածքները եւ զգացումները յարգանքի ու գնահատանքի արժանի են:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախագահ Աունի տրամադրութեան տակ դրաւ լիբանանեան ծագում ունեցող բոլոր սփիւռքահայերուն կարողութիւնները՝ ի խնդիր Լիբանանի շահերուն իրականացման:

comments

Advertisement