Զօր. Հարիկեան Ստանձնեց Եւրոպայի Եւ Ափրիկէի Մէջ Ամերիկեան Օդուժի Ղեկը

By Asbarez | Tuesday, 07 May 2019

0507Harrigian1

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սթարզ Էնտ Սթրայփս».- Միացեալ Նահանգներու օդուժի զօրավարի տեղակալներէն Ճեֆրի Հարիկեան, որ վերջերս ստացած էր զօրավարի տիտղոսը, 1 Մայիսին տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեամբ մը ստանձնեց Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ամերիկեան օդուժի հրամանատարութիւնը: Ներկայիս նշեալ ուժին հրամանատարի տեղակալն է:

Անցեալ ամիս ներկայացուած անոր թեկնածութիւնը Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուեցաւ, որուն շնորհիւ Հարիկեան փոխարինեց Թատ Ուոլթըրզը։

Հարիկեան 1985ին աւարտած է Միացեալ Նահանգներու օդուժի ակադեմիան եւ ան  առաւել քան 4100 ժամուան փորձառութիւն ունի տարբեր տեսակի ռազմական օդանաւերու վրայ եւ իբրեւ օդաչու ու հրամանատար՝ մասնակցած է Փանամայի եւ Իրաքի մէջ, նաեւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ եւ այլ ռազմական գործողութիւններու:

Նշենք, որ Հարիկեանի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Ռամշթայն ամերիկեան ռազմական խարիսխին մէջ։

comments

Advertisement