Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւնները Չեղեալ Յայտարարելու Որոշումը Խստօրէն Կը Քննադատուի

By Asbarez | Wednesday, 08 May 2019

0508piri

Քեթի Փիրի

ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր շրջանակներ եւ քաղաքացիական ու մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ 7 Մայիսին խստօրէն քննադատեցին Պոլսոյ մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքը չեղեալ համարելու Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին որոշումը։

Եւրոպական Խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով հոլանտացի զեկուցող Քեթի Փիրին այս մասին ըսաւ. «Էրտողան կը մերժէ ընդունիլ պարտութիւնը եւ կը շարունակէ դէմ դնել ժողովուրդի կամքին: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Պոլսոյ մէջ նոր ընտրութիւններ կատարելու համար ճնշում գործադրեց կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ, որուն որոշումը կ՛ոչնչացնէ այն վստահութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ կարելի է ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութիւն տեղի ունենալ»:

0508imamoglu

Էքրեմ Իմամօղլու

6 Մայիսի երեկոյեան հրապարակուած ընտրական մարմինը որոշումը վաւերացուց 4ի դէմ 7 քուէով, որուն իբրեւ հետեւանք՝ 31 Մարտի ընտրութիւններով Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած ընդդիմութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուէն խլուեցան քաղաքապետի իրաւասութիւնները։  Քաղաքապետութեան համար նոր ընտրութիւն պիտի կատարուի 23 Յունիսին։

«Որոշումը, որ շատերու համար սպասուածին հակառակն էր, իսկ շատերու տեսակէտով ալ՝ բնականօրէն սպասուածը, դարձեալ տակնուվրայ ըրաւ բոլոր հաւասարակշռութիւնները։ Յայտնի է, որ կռիւի նոր շրջան մը պիտի բացուի Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ», կը գրէ «Մարմարա»։

Իմամօղլու վստահութիւն յայտնեց, որ Պոլսոյ ժողովուրդը դարձեալ պաշտօնի պիտի կոչէ զինք։ «Հոս ենք ու պատրաստ ենք միասնաբար աշխատելու, Թուրքիոյ համար լաւ օրեր պիտի գան», ըսաւ Իմամօղլու՝ ազդարարելով, որ Աստուծոյ դատաստանին կը յանձնէ այն անձերը, որոնք իրենց ստորագրութիւնը դրին այս սխալ որոշոմին տակ։

comments

Advertisement