Ողջոյն Արցախի Հերոս Ժողովուրդին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն

By Asbarez | Friday, 10 May 2019

0510Antilias Shushi

Այսօր, երբ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կը գումարուին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՛ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 Մայիս 1992ին:

Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը: Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով վերատիրացաւ իր բռնաբարուած իրաւունքին, իր պապերու աղօթքով ու արիւնով շաղախուած հայրենի հողին:

8 Մայիս թուականը յաղթանակի ու ցնծութեան օր է: Անիկա պէտք է դառնայ նաեւ յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր:

Արցախի մեր ժողովուրդը պէտք է ամրօրէն կառչած մնայ ծով զոհողութեամբ վերատիրացած իր ինքնորոշման իրաւունքին՝ առաւել ծաղկեցնելով եւ հզօրացնելով Արցախը:

Արցախի քաջ բանակը վստահաբար պիտի շարունակէ իր հայրենի հողին արթուն պահապանը եւ հզօր պաշտպանը մնալ:

Հայ ժողովուրդը, յատկապէս Սփիւռքը կոչուած է իր անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Արցախի նկատմամբ:

Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը՝ մասնակից դառնալու Արցախի հզօրացման հրամայական գործին:

Փա՜ռք Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն:

Պատի՜ւ Արցախի անվտանգութիւնը ու անկախութիւնը պաշտպանող հայոց բանակին:

 

8 Մայիս 2019

comments

Advertisement