Սպանական Սորիա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Friday, 10 May 2019

0510Soria

ՄԱՏՐԻՏ.- Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը իր «Ֆէյսպուք»ի էջին միջոցաւ կը տեղեկացնէ, թէ Սպանիոյ Սորիա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Քաղաքապետական խորհուրդին մաս կազմող չորս կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ վաւերացուցին «Արարատ» հայկական միութեան կողմէ այս նպատակով ներկայացուած միջնորդագիրը», կը հաղորդէ դեսպանատունը:

comments

Advertisement