By Asbarez | Wednesday, 15 May 2019
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Երեքշաբթի, 14 Մայիսի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Վեհափառ հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան եւ վեհափառին գաւազանակիրը՝ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:
Առաւել քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Սուրիոյ այժմու կացութեան եւ հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: Արամ Ա. կաթողիկոս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախագահին՝ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նպատակով նախագահական պալատին կողմէ յատկացուած նպաստին համար: Ապա, յիշելով Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ ժողովուրդին, քրիստոնեայ թէ իսլամ, ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութիւնը հայ ժողովուրդին՝ կաթողիկոսը հաստատեց, որ հայ համայնքը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ եւ, այս վճռակամութենէն մղուած, ան սկսած է վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդին համար, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, Սուրիոյ հայ համայնքը կարեւոր է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ պահանջատիրական իմաստով: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին՝ Հայ Դատին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութեան համար:
Նախագահ Ասատ, իր կարգին, ողջունելով Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը՝ հաստատեց, որ բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ հայութիւնը՝ զանոնք նկատելով համահաւասար քաղաքացիներ, նոյն պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով Սուրիոյ կապուած: Ան ըսաւ, թէ հայերը միշտ մեզի համար եղած են վստահելի, սիրելի եւ աշխատասէր քաղաքացիներ, որոնք իրենց դրական մասնակցութիւնը բերած են Սուրիոյ յառաջդիմութեան: Ան կոչ ուղղեց սուրիահայերուն, որոնք պայմաններու բերումով հեռացած են երկրէն, շուտով վերադառնալու ու վերականգնելու իրենց տուներն ու գործատեղիները՝ միշտ վստահեցնելով, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պիտի շարունակէ վայելել պետութեան զօրակցութիւնը:
comments
Հայ Դատը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Միաձայնութեամբ Հաստատելու Առաջարկին Մերժումը
Մայրաքաղաքի Քոլոմպիա Շրջանը Եւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հաստատեց
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Պարգեւատրուեցաւ Քեպեքի Ազգային Ժողովի Մետալով
Լիբանանի Ցոյցերը Երկու Զոհեր Եւս Կը Խլեն, Մինչ ՄԱԿը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ընէ
Լիբանանի Մէջ Անորոշութիւն Կը Տիրէ. Շահան Գանտահարեան
Մենք Կրնանք Ներել, Երբ Արդարութիւնը Ու Ճշմարտութիւնը Հաստատուին, Սակայն Երբեք Չենք Մոռնար. Արամ Ա.
Բակօ Սահակեան Պրիւքսէլի Մէջ Այցելեց Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Գրասենեակ
Մասիս Մայիլեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Քոնկրեսականներու Եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ
Հայ Դատը Կողջունէ Հայաստանին 60 Միլիոն Տոլարի Ամերիկեան Նպաստը