Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդը Բողոք Ներկայացուց Հայ Տղան Իսլամացնող Հաղորդավարին Դէմ

By Asbarez | Thursday, 16 May 2019

0516arthur

ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անդրադարձաւ թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը սփռուած՝ հաղորդավարին՝ հայ տղան կրօնափոխ դարձնելու հարցին:

Արամ արք. Աթէշեան հեռաձայնեց Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան պետին եւ յայտնեց իր մտահոգութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը:

Կը նշուի, որ Արամ արք. Աթէշեան բողոք ներկայացուցած է հայ պատանին կրօնափոխ ըրած իսլամ քարոզիչ Նիհաթ Հաթիփօղլուի դէմ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող 13ամեայ Արթուրը ուղիղ եթերով իսլամը ընդունեց: Ան նաեւ անուանափոխ եղաւ եւ ընդունեց թրքական Նիհաթ անունը: Իսլամի ընդունումը տեղի ունեցաւ 11 Մայիսին, թուրք յայտնի աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի՝ շուի տարրեր ունեցող խիստ քարոզչական բնոյթի հաղորդումին ընթացքին: Անիկա բուռն արձագանգ յառաջացուց հայկական եւ թրքական շրջանակներու մէջ:

Հաղորդավարը պնդեց, որ իրենք կապ հաստատած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր հետ եւ ստացած անոնց համաձայնութիւնը՝ երեխային կրօնափոխութեան հարցով:

Միջադէպին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար, «Էրմենիհապեր»ը կապ հաստատեց Արթուրի մօր՝ Ալինա Ենգիբարեանի հետ: Վերջինս հերքեց իր տղուն՝ կրօնափոխ ըլլալու հանգամանքը՝ ըսելով. «Արթուրը կնքուած է. ան կը յաճախէ հայկական եկեղեցի»:

Անչափահասին մայրը նաեւ աւելցուց, որ ինք իրականութեան մէջ տեղեակ չէ եղած, թէ ինչ հաղորդման կը մասնակցի որդին:

«Ես իմացայ, որ Արթուրը ներկայ պիտի գտնուի հաղորդման մը, բայց չպատկերացուցի, որ ան բեմ պիտի բարձրանայ եւ այդպիսի բան տեղի պիտի ունենայ: Եթէ ես տեղեակ ըլլայի եւ իմ համաձայնութիւնը տուած ըլլայի, ես ալ այնտեղ պիտի ըլլայի», ըսաւ Ալինա Ենգիբարեան:

Ալինան նաեւ նշեց, որ իրեն հեռաձայնեցին հաղորդումէն, բայց ինք չհասկցաւ, թէ ինչ հաղորդում է եւ ինչի մասին է խօսքը:

Ան շեշտեց, որ իր տղուն համար զուտ երեխայական հետաքրքրասիրութիւն եղած է:

«Իմ երեխան չէ հասկցած, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Հետաքրքրութենէ դրդուած իր ընկերոջ հետ գացած է այդ հաղորդման, միամտութիւն ըրած է: Ան ինծի կ՛ըսէ. «Մամ տեսար, մեզի պատկերասփիւռէն ցոյց տուին, մենք յայտնի դարձանք»: Ես անոր բացատրեցի, որ իր միամիտ քայլին պատճառով մենք վատ վիճակի մէջ յայտնուած ենք: Ան դեռ երեխայ է, չի հասկնար»:

Կինը նաեւ հերքեց, որ Արթուրը խորթ հայր ունի՝ շեշտելով, որ խօսքը ընտանիքին՝ թուրք ծանօթին մասին է, որուն հեռաձայնին թիւը գտած են Արթուրի հեռաձայնին մէջ եւ հեռաձայնած են արտօնութիւն ստանալու համար:

comments

Advertisement