By Asbarez | Thursday, 16 May 2019
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Երեքշաբթի, 14 Մայիսի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի դոկտ. Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին:
Մօտէն ճանչցած ըլլալով հանրապետութեան միւֆթին, մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին վերաբերող նիւթերու շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրին մէջ համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը՝ իբրեւ երաշխիք ու մղիչ ուժ ապահովութեան հաստատման ու գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծման: Ան յիշեցուց, որ ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու, մշակոյթներու եւ ցեղերու խաղաղ գոյակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ այդ գծով կրօնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք:
Հանրապետութեան միւֆթին յիշեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ ունեցած իր հանդիպումները, անոր տուած դասախօսութիւնը Դամասկոսի համալսարանին մէջ եւ վեհափառ հայրապետին կատարած կարեւոր դերը յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով: Իր կարգին, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց առաւել աշխուժութեամբ շարունակելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Ան բարձր յարգանքով խօսեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին մասին՝ զայն նկատելով երկրի կենսական բաղադրիչներէն մէկը:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian