ԱՄՆ Հայաստանին 40 միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրէ

By Asbarez | Wednesday, 21 December 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը վերջնականացուցած ու հաստատած են 2012ի պետական ելեւմտական տարուան արտասահմանեան օժանդակութեանց նախագիծը՝ պետական ընդհանուր ամավարկի ծիրէն ներս։

Նշեալ նախագիծին մէջ Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օժանդակութեան չափը քառասուն միլիոն տոլար մնացած է, 2011ի նման, իսկ Ատրպէյճանի օժանդակութեան չափը 16.6 միլիոն տոլար է, Վրաստանինը՝ 66 միլիոն տոլար։

Քոնկրեսը նաեւ շեշտած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ռազմական օժանդակութիւնները հաւասարակշռուած պահելու պայմանին յարգումը, եւ խոստացած է նախորդ տարիներուն չափ օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին, այսինքն՝ 2 միլիոն տոլարի շուրջ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դրուատէ այն քոնկրեսականները, որոնք իրենց նպաստը բերած են այս օժանդակութիւնները ապահովելու գործին մէջ, միաժամանակ խոստանալով յառաջիկայ տարեշրջանին Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուող օժանդակութեանց չափը բարձրացնել:

comments