ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնը Նոր Գիւղ

By Asbarez | Wednesday, 05 June 2019

0000NOR-KUGH

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երկուշաբթի, 3 Յունիսի առաւօտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, այցելեց Նոր Գիւղի ազգային հաստատութիւնները:

Այցելութիւնը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ քահանայից դասը: Գոհաբանական աղօթքներէն ետք, Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ բացատրութիւն տուաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցին մասին, կարեւոր համարելով անոր դերը պատերազմի տարիներուն: Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին հետ:

Ապա, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Ազգային պատասպարան, ուր տպաւորիչ հանդիպում մը ունեցաւ սաներուն եւ պատասխանատուներուն հետ: Ապա ուղղուեցաւ տպարան «Արեւելք», ուր պաշտօնէութեան ընկերակցութեամբ ծանօթացաւ տպարանի աշխատանքներուն:

Նոր Գիւղի շրջագայութիւնը ընդգրկեց նաեւ այցելութիւններ ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական եւ Համազգայինի «Զաւարեան» Մշակութային վերակառուցուած կեդրոննեը: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մօտէն ծանօթացաւ վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնք տակաւին իրենց աւարտին չեն հասած: Ընկերաբժշկական կեդրոնի մուտքին խաչուհիները պատուեցին Տէր Խաչատուրեանը ՀՕՄի քայլերգով, ապա ընկերոջ նուիրեցին ՍՕԽի յուշամատեանը եւ հայկական ասեղնագործութեամբ յուշանուէր մը:

Զոյգ կեդրոններուն մէջ այցելուները դիմաւորեցին միութիւններու շրջանային վարչութիւնները եւ տեղական մասնաճիւղերու վարչութիւնները:

Այցելութեան ընթացքին յատկանշական էր երիտասարդական եւ ուսանողական նորակառոյց կեդրոններուն բացումը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէին, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ) Կեդրոնական վարչութեան, «Քրիստափոր» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ միութենական ընկերներու: Կեդրոններու բացումներուն օրհնութեան արարողութիւն կատարեցին Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան: Տէր Մաշտոց իր օրհնութեան խօսքին մէջ շեշտեց. «Երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն են մեր ազգային արժէքներուն ջահակիրը, այսպիսի կեդրոններու բացումը երաշխիքն է ազգային տեսլական ունեցող երիտասարդութեան աշխոյժ գործունէութեան»:

Իր կարգին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, շրջագայելով կեդրոններուն մէջ՝ գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց երիտասարդ միութենականներուն:

comments

Advertisement