Ներկայացուցիչներու Տունը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Էս. 400ներ Գնելու Ծրագիրին

By Asbarez | Wednesday, 12 June 2019

0612engel

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ դեմոկրատ Էլիըթ Էնկըլի եւ յանձնախումբի բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Մայքըլ ՄըքՔոլի հեղինակած թիւ 372 բանաձեւը 10 Յունիսի երեկոյեան միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։

Բանաձեւը Թուրիայէն կը պահանջէ կասեցնել Ռուսիայէն «Էս. 400» հրթիռային համակարգեր գնելու ծրագիրը, այլապէս՝ սպառնալով պատժամիջոցներ սահմանել Անգարայի դէմ, նոյն ժամանակ ազդարարելով, որ ՆԱԹՕի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրնան հարցականի տակ դրուիլ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 Յունիսին խստօրէն դատապարտեց բանաձեւը ու անոր մէջ տեղ գտած սպառնալիքները: Ըստ նախարարութեան՝ բանաձեւը թուրք-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններուն վնաս կը հասցնէ:

Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շենեհեն նամակ մը յղած է իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով այս գծով յստակ ընտրութիւն կատարել մինչեւ 31 Յուլիս:

comments

Advertisement