Անսակարկ Շարունակենք Զօրակցիլ Արցախին. Ռոշըպլուան

By Asbarez | Saturday, 13 July 2019

0712Roch

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Նախկին երեսփոխան եւ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Իբրեւ նախկին երեսփոխան, խորհրդարանի պատուոյ անդամ եւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախկին հիմնադիր-նախագահ, չեմ կրնար ընդունիլ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հինգ ուխտերու ջնջումը՝ վարչական դատարաններու կողմէ:

Մեր դիւանագիտութեան դիրքորոշումը անկապակից կը գտնեմ այդ ուխտերու ջնջումին հետ, մինչ, վերյիշեցնեմ՝ կղզիացուած եւ շրջափակուած արցախցիները ամէն օր իրենց դրացի Ատրպէյճանի սպառնալիքին ենթակայ են: Յաչս Պաքուի՝ խնդրոյ առարկայ ուխտերու ջնջումը կը նշանակէ, որ Ֆրանսա կը հաստատէ Արցախի դէմ բռնութեան դիմելու իր սպառնալիքները, ինչպէս այդ մասին կը վկայեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այս առթիւ կատարած հանրային յայտարարութիւնները:

Կոչ կ՛ընեմ ֆրանսացի բարեկամներուս, տեղական ընտրեալներուն, բայց նաեւ երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն, անկախ իրենց քաղաքական հայեացքներէն, որոնք փարած են ազատութեան, խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան արժէքներուն՝ անսակարկ շարունակելու զօրակցիլ Արցախին, քանի որ արցախցիները ենթակայ են վտանգի եւ մեր քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական զօրակցութիւնը անոնց կեանքի միակ երաշխիքն է:

Կոչ կ՛ընեմ բոլորին՝ աւելի քան երբեք զօրակցութիւն ցուցաբերելու Արցախին եւ կը դիմեմ Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցիչներուն, որ այս հարցին մէջ որդեգրեն ամուր եւ քաջ դիրքորոշում»:

comments

Advertisement