By Asbarez | Thursday, 18 July 2019
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանը 17 Յուլիսին հրապարակեց «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին վճիռը, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթերթը:
Դատարանը 13 Յունիսին, 9 մեղադրեալներու վերաբերեալ դատերը առանձնացուցած էր ընդհանուր դատէն, նկատի ունենալով, որ ձգձումներուն իբրեւ հետեւանք՝ կը լրանար դատական գործի վաղեմութեան ժամկէտը։
Դատավճիռին համաձայն՝ Տինքը սպաննած ազգայնամոլ Օկիւն Սամասթ 2.5 տարի, իսկ կազմակերպիչներէն՝ Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ յաջորդաբար 7.5 եւ 99.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Նիստին ներկայ եղան մեղադրեալներէն միայն Թունճելը, իսկ մնացեալը նիստին հետեւեցան իրենց քաղաքներու դատարաններէն: Նշենք, որ մնացեալ 6 մեղադրեալներէն 4ը դատապարտուեցան զանազան ժամկէտներով բանտարկութեան, իսկ երկուքը ազատ արձակուեցան:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan