Արամ Ա. Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին Որոշումը

By Asbarez | Friday, 23 December 2011

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի յղուած նամակով մը, Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց մէկ օր առաջ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը: Ստորեւ՝ այդ նամակը.

«Որպէս կաթողիկոս Մեծի տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Ֆրանսայի խորհրդարանին առած վերջին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կ՛ողջունեմ նաեւ ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին:

Կիլիկիոյ հայերը յատկապէս զոհ դարձան Ցեղասպանութեան եւ որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարտադրուեցաւ ձգել իր դարաւոր վայրը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուիլ Անթիլիասի մէջ, Լիբանան:

Արդարեւ, Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ, պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ:

Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, պրն. նախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքէն ներս՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու:

Հաճեցէք, պրն. նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս մեր խոր շնորհակալութիւնը՝ Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետութեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար»:

comments

Advertisement