Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104ամեակի Եւ Մուսա Լեռ–Այնճարի Հիմնադրութեան 80ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Այնճարի Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 17 September 2019

0000AYNJAR5

Մուսա լերան հերոսամարտի 104ամեակին եւ Մուսա լեռ–Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30էն սկսեալ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

0000AYNJAR

Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալըեմէզեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 104ամեակի եւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակի յոբելենական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վարդգէս Տէր Գալուստեան, նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան եւ ատենապետ Արմէն Թաշճեան, ՀՅԴ »Կարմիր լեռ« կոմիտէի անդամներ, Համազգայինի, ԼՕԽի, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, բարերարներ եւ այնճարցիներու ու բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը:

ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները

ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները

ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութենէն ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Նախքան ձեռնարկին բացումը, Արմէն Թաշճեան յայտնեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այդ ձեռնարկը, չէ կրցած անձամբ ներկայ ըլլալ՝ անոր մօր՝ տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահուան պատճառով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին անոր յիշատակը:

Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ Բալիկ Գաբրիէլեան եւ Պարոյր Ստամպուլեան ասմունքային տողերով բացումը կատարեցին ձեռնարկին: Բալիկ Գաբրիէլեան ողջունեց ձեռնարկին ներկայ հիւրերը եւ անձնաւորութիւնները, նաեւ մեծաթիւ այնճարցիները եւ այս առիթով Այնճարի մէջ համախմբուած հայորդիները:

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարախումբ

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարախումբ

Օրուան պատգամը ուղղեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ վեհափառ հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն՝ նշելով, որ ան կամքէ անկախ եւ տիրամօր մահուան պատճառով կը բացակայէր ձեռնարկէն:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ երեք հիմնական խորհուրդներու, որոնցմէ առաջինը Մուսա լերան հերոսամարտի 104րդ տարեդարձն է՝ Մուսա լերան քաջարի կեցուածքով խորհրդանշուող՝ աւելցնելով, որ հերոսամարտը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի իբրեւ պահանջատիրութիւն, իբրեւ գոյապայքար, իբրեւ Հայ Դատ: «Հերոսամարտը կու գայ մեզի ըսելու, թէ մենք այսօր Մուսա լերան մէջ չենք գտնուիր, բայց Մուսա լեռը կը գտնուի մեր հոգիներուն մէջ եւ Մուսա լեռը կը բերէ մեր պահանջատիրական կանչը եւ ընթացքը՝ Սիսով, Մասիսով եւ ամբողջական Հայաստանով», շեշտեց ան:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ երկրորդ առիթը Մու-սա լեռ–Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի շինարար ոգին, ճահիճը կեանքի ովասիսի վերածելու իրականութիւնը: Ան նշեց, որ նոյն օրը ապրուած երկու յիշատակելի պահեր՝ ազգագրական թանգարանի եւ Ազգային Յառաջ վարժարանի հիմնադիր տնօրէնի հարթաքանդակի նուիրագործում, եղան մեզ հերոսամարտին եւ 80ամեակին կապող օղակներ:

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան երրորդ խորհուրդը նկատեց շաբաթ մը առաջ նշուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60ամեակը, որ կը խորհրդանշէ հայ քրիստոնեայ հաւատքին մշտարծարծ ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ:

0000AYNJAR1

Ապա սրբազան հայրը շեշտեց, որ մերօրեայ կեանքին մէջ պէտք է գիտնանք ստանձնել հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդուինք՝ աւելցնելով, որ պէտք է որդեգրենք հետեւեալ սկզբունքը. «Ո՛չ գերագնահատել եւ ոչ թերագնահատել, այլ գնահատել նախ եւ առաջ կատարուածը եւ կատարուողը ու ապա պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ մասնակցիլ եւ միաժամանակ ինքնաքննադատութեամբ, ինքնասրբագրութեան ճամբայէն ընթանալ: «Ա՛յս թող ըլլայ այսօրուան պատգամը պատմական երեք խրոխտ յիշատակումներուն», դիտել տուաւ առաջնորդ սրբազանը:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը նշեց, թէ ինք այս բոլորին մէջ նկատած է կարմիր գոյնը, «եւ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ Մուսա լեռը եւ Այնճարը կարմիր լեռ են մեզի համար, որովհետեւ կարմիրը մեր հերոսներուն հեղած արիւնն է եւ այդ արիւնն է, որ շրջան կ՛ընէ մեր հայորդիներու երակներուն մէջ, այ՛ն հայորդիներուն, որոնք հերոսներու ճանապարհէն կը քալեն, եւ որոնք հերոսներուն կտակը իբրեւ խաչ կը կրեն եւ կը շարունակեն հերոսական հաւաքական քայլը: Չմոռնանք, որ արիւնը ջուրի չի վերածուիր, գիտնա՛նք արժէքը այս արեան եւ քալե՛նք այս արիւնոտ ճամբայէն, մինչեւ մեր բոլոր իղձերուն իրագործումը», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Խօսք առաւ նաեւ նշեալ յոբելենական մարմինի ատենապետ Արմէն Թաշճեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Այնճարի 80ամեայ գոյապայքարի զանազան փուլերուն, դիմակալած մարտահրաւէրներուն եւ արձանագրած իրագործումներուն: Թաշճեան նշեց Մուսա լերան հերոսամարտին գովքը հիւսած, «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելը՝ յատուկ կերպով անդրադառնալով Այնճարի գոյատեւման խորհուրդին: Ան հերքեց Այնճարի տարածքային կծկումին եւ Այնճարի բիւրեղ միատարրութեան մաշումի արհեստածին եւ դրդուած խուճապահար վիճակներու մասին խօսքերը՝ զանոնք նկատելով պարագայական, մասնակի եւ հակակշռելի, «այնքան ատեն որ չունի՛նք զիջումներ»: »Չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք Այնճարը կը տեսնեն անոր նեղ սահմաններուն մէջ միայն, որովհետեւ Այնճարը պարզ աշխարհագրութիւն մը չէ՛, այլ՝ անկէ աւելի վե՛ր անընդհատ հոսող գաղափարի ճշմարտութիւն մըն է«, ընդգծեց 80ամեակի մարմինին ատենապետը: »Անիկա վերֆելեան սխրանքի դպրութիւն է եւ նահատակներու հաւատարմութիւնը մշտանորոգ պահող՝ ծխացող խունկի բուրմունք: Այնճարը՝ պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու մարմինի ու հոգիի ուխտակրութիւն է, դատի պատկանելիութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրում», շեշտեց Արմէն Թաշճեան։

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի »Տաւիղ« համոյթը՝ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, իսկ Համազգայինի »Պարոյր Սեւակ« մասնաճիւղի պարախումբը ներկայացուց փունջ մը հայկական տոհմիկ պարեր՝ ղեկավարութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Ժիրայր Քեչէճեանի:

Ձեռնարկը խանդավառեց հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեան՝ իր ազգային-յեղափոխական սրտառուչ մեկնաբանութեամբ հմայելով ներկաները:

Նշենք, որ 80ամեակի ձեռնարկները աւարտեցան Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատուցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Անոր յաջորդեց սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին զանազան անձնաւորութիւններ:

comments

Advertisement