Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կրանտ Փարքի Մէջ Անդրադարձաւ Սփիւռքի Ներուժին

By Asbarez | Tuesday, 24 September 2019

15528_b

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոս Անճելըսի կեդրոնը գտնուող «Կրանտ Փարք»ին մէջ մասնակցեցաւ իր այցելութեան առիթով կազմակերպուած ժողովրդային հանրահաւաքին: Լոս Անճելըսի հրշէջներու բաժանմունքի պաշտօնական գնահատումով՝ շուրջ 18,000 հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս հաւաքին Փաշինեան Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչներու տան այն անդամներուն, որոնք իրենց ազնիւ ու անաչառ գործունէութեամբ մեծապէս նպաստած են հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող զանազան դատերու նեցուկ կանգնելնուն համար։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Սփիւռքին՝ թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն ֆիզիքապէս կամ բարոյապէս Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը գտնուելուն համար, նաեւ՝ Հայաստանի անկախութեան 28րդ տարեդարձին առիթով, որովհետեւ հոն եւս Սփիւռքը իր դերակատարութիւնը ունեցած է։

«Անկախ Հայաստանը չէր կարող ոտքի կանգնել առանց Սփիւռքի անգնահատելի եւ ամէնօրեայ աջակցութեան: Սփիւռքը կանգնել է Հայաստանի մէջքին, Սփիւռքը պահել է Հայաստանը, Սփիւռքը սնել է Հայաստանը: Եւ ես ուզում եմ այսպիսի մի կարեւոր արձանագրում անել. Հայաստանի անկախացումից յետոյ շատ քաղաքացիներ ստիպուած են եղել արտագաղթել Հայաստանից եւ այս երեւոյթին բնականաբար Հայաստանը, մենք բոլորս շատ ցաւոտ ենք վերաբերուել, բայց այսօր այստեղ կարծում եմ՝ պէտք է շատ կարեւոր խոստովանութիւն անել. շատերը Հայաստանից հեռացել են, արտագաղթել Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա ոչ թէ հաճոյքով, ոչ թէ ուզելով, այլ արտագաղթել են, որպէսզի այստեղ աշխատեն եւ Հայաստանում մնացած իրենց հարազատներին ու հայրենակիցներին աջակցեն, որպէզի նրանք յաղթահարեն դժուարութիւնները: Սա պէտք է խոստովանել», յայտնեց Փաշինեան ։

15520_b

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքին՝ արցախեան ազատամարտին ցուցաբերած հսկայական աջակցութեան համար, որովհետեւ արցախեան ազատամարտը, Արցախի մէջ արձանագրուած յաղթանակը եւս անկարելի պիտի ըլլար առանց Սփիւռքի հսկայական աջակցութեան՝ վստահեցնելով, որ Սփիւռքը միշտ կանգնած պիտի մնայ ազատ Արցախի թիկունքին, Հայաստանի Հանրապետութեան թիկունքին:

Վարչապետ Փաշինեան գնահատանքի խօսք ուղղեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, եկեղեցիներուն, սփիւռքահայ միութիւններուն, հիմնադրամներուն եւ անհատներուն՝ անդրադառնալով անոնց ունեցած դերակատարութեան ու ներդրումին։ Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանը Սփիւռքի կողմէ չդիտուի իբրեւ մարդասիրական օժանդակութեան թիրախ, այլ կանգնի տեղի ունեցող տնտեսական յեղափոխութեան կողքին եւս, մանաւանդ որ աշխատանք կը տարուի փտածութեան դէմ պայքարելու եւ գործարարներուն դիմաց ցցուած դժուարութիւնները վերացնելու։

Ապա վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ համահայկականութեան գաղափարին մասին: »Սա նշանակում է, որ աշխարհի բոլոր հայերն առանց կտրուելու իրենց առօրեայից, իրենց կեանքից, իրենց գործունէութիւնից, պէտք է արձանագրեն եւ կամք ցուցաբերեն գործել ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի:

«Սա ամենեւին չի նշանակում գործել ընդդէմ իրենց բնակութեան վայր հանդիսացող երկրի եւ յօգուտ Հայաստանի: Իմ ասածը պէտք է արտայայտուի նրանում, որ այդ երկրներում ապրող մեր հայրենակիցներն իրենց ջանքերը պէտք է գործադրեն այդ երկրների եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական կապերի ամրապնդմանը, Հայաստանի նոր ընկալման հանրահռչակմանը եւ քարոզչութեանը նպաստելու համար», յայտնեց ան։

Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ երիտասարդները դէպի Հայաստան բերելու կարեւորութեան, նաեւ՝ հայրենադարձութեան՝ դիտել տալով, որ պայման չէ 12 ամիս Հայաստան ապրիլ հայրենադարձ ըլլալու համար. «Երեւանում, Հայաստանում տուն ունենալը նշանակում է շատ լաւ եւ յուսալի ներդրում անել: Դիմում եմ նրանց, ովքեր դեռեւս տուն չունեն Հայաստանում՝ իւրաքանչիւր հայ պէտք է տուն ունենայ Հայաստանում: Հայրենադարձութիւնը նշանակում է բիզնես ունենալ Հայաստանում, եւ ամենակարեւորը՝ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն», ըսաւ ան։

Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքի վերջին բաժինով նշեց, որ պէտք է յաղթահարել փոքր ժողովուրդ ըլլալու բարդոյթը, «որովհետեւ ես համարում եմ, որ իրօք հայ ժողովուրդը փոքր ժողովուրդ չէ»:

«Ես ուզում եմ, որ մենք միասին արձանագրենք՝ Հայաստանն այլեւս փոքր երկիր չէ՝ ոչ թէ այն պատճառով, որ այս ընթացքում Հայաստանի տարածքը որեւէ փոփոխութիւն է կրել, այլ այն պատճառով, եւ ես յոյս ունեմ, որ դուք հիմա ձեր արձագանգով դա կը հաստատեք, որ Հայաստանն այլեւս ներկայացնում է ոչ միայն Հայաստանի բնակչութեանը, այլ ամբողջ հայութեանը, ամբողջ 10 միլիոնանոց հայութեանը: Եւ սա է մեր ամենակարեւոր ուղերձը, որովհետեւ Հայաստանը փոքր երկիր չէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը փոքր ժողովուրդ, այո՛, չէ: Հայ ժողովուրդը յաղթանակած, հերոս, տաղանդաւոր, քաղաքակրթութիւն ստեղծած եւ, ինչպէս Սեւակի բանաստեղծութեան մէջ է ասուած, միտք տուող ժողովուրդ է: Եւ այո՛, մենք շատ, շատ դժուար պատմութիւն ենք ունեցել: Երբեմն մենք հասել ենք ընդհուպ կործանման եզրին, բայց մենք վերապրել ենք Ցեղասպանութիւնը, մենք վերապրել ենք գաղթը, մենք վերապրել ենք պատերազմները, մենք վերապրել ենք սովը, մենք վերապրել ենք աշխարհաքաղաքական փլուզումներ, եւ մեր այս սերնդի ամենակարեւոր առաքելութիւնը մեր ժողովրդի մեծութիւնը վերականգնելը, մեր ժողովրդի մեծութիւնն աշխարհին եւ, առաջին հերթին, ինքներս մեզ ի ցոյց դնելն է:

«Սա է այսօր աշխարհում ապրող իւրաքանչիւր հայի ամենամեծ առաքելութիւնը, եւ եկէք պայմանաւորուենք, որ մենք անմնացորդ նուիրուելու ենք այդ առաքելութեանը եւ ինքներս մեզ համար, մեր սերունդների համար, մեր նախնիների համար վերականգնելու ենք Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական, գիտական, մշակութային մեծութիւնը: Եւ սա մեր ամենակարեւոր առաքելութիւնն է», շեշտեց Փաշինեան։

comments

Advertisement