Սինկափուրի Վարչապետը Հայաստանի Մէջ Կը Քննարկէ Յարաբերութիւններու Զարգացումը

By Asbarez | Monday, 30 September 2019

1001Sarksian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ան շատ կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը՝ համոզում յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ կառուցային բարեփոխումներու ընթացքը, այդ կարգին՝ դատաիրաւական, պետական կառավարման համակարգի, փտածութեան դէմ պայքարի, ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ այլ ուղղութիւններով:

Սինկափուրի վարչապետը վերյիշեց Փաշինեանի Սինկափուր կատարած այցելութիւնը՝ զայն նկատելով շատ արդիւնաւէտ։ «Մենք Երեւան եկած ենք երկկողմանի կապերուն նոր ազդակ հաղորդելու նպատակով: Մենք կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը, այդ կարգին՝ տնտեսութեան, գործարար կապերու զարգացման ուղղութեամբ», ըսաւ Լի Սիեն Լոնք:

Սինկափուրի վարչապետը վերահաստատեց իր երկրի կառավարութեան աջակցութիւնը հայ գործընկերներուն՝ զանազան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակման եւ բարեփոխումները արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու գործին մէջ:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ բազմակողմանի համագործակցութեան, յատկապէս՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ստորագրուելիք համապարփակ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիրի ծիրը: Անոնք դիտել տուին, որ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները պիտի նպաստեն քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ գործակցութեան: Զրուցակիցները միտքեր փոխնակեցին նաեւ շրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու շուրջ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լոնք նախ ունեցան դռնփակ հանդիպում, ապա՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց Սինկափուրի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն համար, որոնք ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան: Ան յոյս յայտնեց, որ ապագային Հայաստանը կ՛օգտագործեն իբրեւ դարպաս՝ դէպի Եւրասիա:

Լի Սիեն Լոնք նշեց, որ, թէեւ Հայաստանն ու Սինկափուրը փոքր պետութիւններ են, ունին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, սակայն միեւնոյն ատեն ունին առաւելութիւններ, քանի որ կրնան շատ աւելի արագ յարմարիլ, աւելի արագ նոր ուղղութիւն ընտրել, քան մեծ երկիրները: Ըստ անոր՝ արդէն ժամանակը հասած է իրարմէ դասեր քաղելու եւ յաւելեալ համագործակցութիւն ծաւալելու տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, գիտական ու հետազօտական բնագաւառներուն մէջ:

Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Թանգարանին մէջ Սինկափուրի վարչապետը արձանագրութիւն ձգեց պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ, ուր կը նշէ, թէ հայ ժողովուրդը մեծ կամք, ուժ եւ խիզախութիւն ցուցաբերեց 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք՝ մաղթելով յաւերժ վայելել խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ ներդաշնակութիւն։

comments

Advertisement