Մենք Կրնանք Ներել, Երբ Արդարութիւնը Ու Ճշմարտութիւնը Հաստատուին, Սակայն Երբեք Չենք Մոռնար. Արամ Ա.

By Asbarez | Saturday, 09 November 2019

Քանի մը օրեր առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, Արամ Ա. վեհափառին հետ երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Այսօր» թերթին Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը: 1952ին հաստատուած յիշեալ թերթը, որ կը բաղկանայ տեղեկատուական զանազան միաւորներէ, Միացեալ Նահանգներու աւետարանական հակում ունեցող տեղեկատուական կարեւորագոյն օրկաններէն մէկն է:

Հարցազրոյցի մուտքին, թղթակիցը ներածական բաժինով մը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ հայ եկեղեցւոյ անցեալին ու ներկային վերաբերող: Ապա, ան ուզեց իմանալ վեհափառ հայրապետին մօտեցումը Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւին գծով: Կաթողիկոսը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին իրաւունքները տակաւին կը շարունակուին մնալ բռնաբարուած, 100 տարիներ ետք. հետեւաբար, մենք կը ջանանք միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնել, միաժամանակ շեշտելով, թէ ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է: Արդարեւ, ցեղասպանութիւն, ջարդ, եղեռն, աքսոր կամ այլ բնորոշումները այնքան կարեւոր չեն, էականը օրուան թուրք Օսմանեան կայսրութեան նպատակն էր բնաջնջել հայ ժողովուրդը՝ իրագործելու համար իր փանթուրանական ծրագիրը: Հետեւաբար, հայրապետը շեշտեց, թէ մեր ժողովուրդին պահանջը արդար է միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց հռչակագիրին համաձայն:

Պատասխանելով հարցումին, թէ ի՛նչ է դերը հայ եկեղեցւոյ Հայ Դատի հետապնդման գծով՝ հայրապետը ըսաւ. «Եկեղեցին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ցեղասպանութեան զոհն էին: Երկար դարերէ ի վեր այս Սուրբ Աթոռին կեդրոնը Սիսի մէջ էր: Իմ նախորդներէս երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին պարտադրեցին Ցեղասպանութեան օրերուն, որ իր միաբանութեամբ հեռանայ կաթողիկոսարանէն: Սա պատմական իրողութիւն է»: Շարունակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. ըսաւ. «Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնին փաստ է Ցեղասպանութեան: Սփիւռքը պարտադրուած իրականութիւն մըն է: Մենք չստեղծեցինք զայն: Անիկա հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Քիչ առաջ դուք այցելեցիք Սրբոց Նահատակաց յուշարձանը եւ տեսաք աճիւնները մեր նահատակներուն: Ուրկէ՞ եկան անոնք. միթէ երկինքէ՞ն իջան…: Մարդկային իրաւանց հարցը որեւէ եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ: Մենք այս գիտակցութեամբ կը գործենք»: Ապա, պատասխանելով այլ հարցումի մը՝ Արամ Ա.  անդրադարձաւ Թուրքիոյ դէմ բացուած կաթողիկոսարանին դատին՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը: «Մենք կտոր մը հող չէ որ կը պահանջենք, այլ կրօնական ու պատմական խորունկ նշանակութիւն ունեցող վայր մը: Եթէ Թուրքիան իրապէս կ՛ուզէ բարի կամեցողութեան նեղ պատուհան մը բանալ, ահաւասիկ կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ առիթ մըն է», ըսաւ վեհափառը: Այս ծիրին մէջ դարձեալ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է պահանջը հայ ժողովուրդին՝ հայրապետը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն վերադարձին առաջին գործնական քայլը կրնայ ըլլալ եկեղեցիներու, վանքերու եւ ազգապատկան կալուածներու վերադարձը»:

Թղթակիցը ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն՝ մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան յիշեալ որոշումը կրնայ վտանգել երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը: Հայրապետը ըսաւ, թէ պետութիւնները կը գործեն աշխարհաքաղաքական շահերէ եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներէ մեկնած: Դժբախտաբար, պետութիւններու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներուն, կ՛երթայ առաջինին: Հոս է հարցը: Եկեղեցւոյ դերը յիշեցնել է պետութիւններուն, որ պէտք չէ զոհել մարդկային իրաւունքները աշխարհաքաղաքական նեղ հաշիւներէ մեկնած:

Պատասխանելով հարցումին, թէ եկեղեցւոյ ներողամտութեան եւ հաշտարարի դերը ինչպէ՛ս կարելի է գործադրել հայերու եւ թուրքերու յարաբերութեանց ծիրին մէջ՝ Արամ Ա. ըսաւ. «Ներողամտութիւնը քրիստոնէական հաւատքին կարեւոր տարրերէն մէկն է: Սակայն, ներողամտութիւնը կը յաջորդէ խոստովանութեան: Կու գայ օրը, երբ մենք կրնանք ներել, երբ արդարութիւն կը կատարուի մեր ժողովուրդին, սակայն մեր ժողովուրդը երբեք չի մոռնար այն, ինչը կատարուեցաւ իրեն դէմ 1915ին: Ես չեմ հաւատար աժան ներողամտութեան եւ դիւրին հաշտութեան: Նման մօտեցում սխալ ուղղութեան կ՛առաջնորդէ մեզ: Եկեղեցին պիտի գիտնայ թէ՛ ոչ ըսել եւ թէ այո՝ արդարութեան ու ճշմարտութեան սկզբունքներէ մեկնած: Սա եկեղեցւոյ մարգարէական դերն է»:

Շարունակելով իր խօսքը եւ այլ հարցումներու պատասխանելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ. «Ցեղասպանութիւնը մեր ժողովուրդին մօտ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամանք մը յառաջացուց, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը մեր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութեան մէջ արմատացած է: Զայն փոխելը ժամանակ կը պահանջէ, Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք գործնական քայլեր կը պահանջէ. օրինակ, վերջերս կարգ մը թուրք մտաւորականներ սկսան խօսիլ ու գրել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Թուրքիոյ նախագահը Ապրիլ 24ին առիթով միշտ կ՛ըսէ, թէ պատերազմին ընթացքին սխալ բաներ եղած են: Մեր սպասումն է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը ըսէ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւն մըն է եղածը: Սպասելի է, որ Թուրքիոյ նոր սերունդը տեղեկատուութեան ներկայ դարուն ուսումնասիրէ իր պատմութիւնը՝ տեսնելու համար ճշմարտութիւնը»:

comments

Advertisement