Լիբանանի Մէջ Անորոշութիւն Կը Տիրէ. Շահան Գանտահարեան

By Asbarez | Friday, 22 November 2019

1122leb

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պէյրութի «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան Նոյեմբեր 20ին կը հաղորդէ, որ թէեւ Լիբանանի մէջ ցոյցերը նուազած են, սակայն երկրին վիճակը տակաւին անկայուն է:

«Վարչապետի եւ գործադիր իշխանութեան հրաժարականէն ետք փորձ կատարուեցաւ խորհրդարանի նիստ գումարել որոշ օրինագիծեր վաւերացնելու համար, բայց ցուցարարները արգիլեցին պատգամաւորներուն մուտքը խորհրդարան, եւ նիստը յետաձգուեցաւ։ Ցուցարարները իրենց արմատական պահանջէն չեն հրաժարած եւ կը պահանջեն անկախ, ապակուսակցական կառավարութիւն, որ երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի արտակարգ ընտրութիւններ: Քաղաքական բանակցութիւններ այժմ չկան ցուցարարներուն եւ երկրի նախագահին կամ խոհրդարանին միջեւ։ Անորոշութիւն է եւ փակուղային իրավիճակ», աւելցուցած է ան։

Ան աւելցուցած է, որ դրամատուները վերաբացուած են, սակայն սահմանափակ գումարներ կը յատկացնեն յաճախորդներուն, ինչ որ ցուցանիշ մըն է երկրին դիմագրաւած ելեւմտական ճգնաժամին:

Ըստ անոր՝ Լիբանանի հայ համայնքը յատուկ դիրքորոշում չունի ցոյցերուն նկատմամբ։ «Քանի որ շարժումը ուղղուած է պետական համակարգի ապակուսակցականացման, ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ միւս կուսակցութիւնները եւս պաշտօնական յայտարարութիւններով հանդէս չեն գար, սակայն ցուցարարներու մէջ լիբանանահայեր կան»:

comments

Advertisement