Հայ Դատը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Միաձայնութեամբ Հաստատելու Առաջարկին Մերժումը

By Asbarez | Wednesday, 04 December 2019

<> on February 1, 2018 in White Sulphur Springs, West Virginia.

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Նոյեմբեր 21ին, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հ., Թեքսաս) տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Ծերակոյտին բեմէն, առաջարկելով միաձայնութեամբ հաստատել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը, սակայն, այս անգամ ծերակուտական Տէյվի Փըրտու (Հ., Ճորճիա) կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը։

«Այս բանաձեւը կը յստակացնէ փաստ մը, որ տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ վարչակազմեր փորձած են աղաւաղել: Այդ վարչակազմերը, թէ՛ հանրապետական եւ թէ դեմոկրատ, գլուխները աւազի մէջ պահած են, հակառակ անոր, որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներն էին, որ ականատես եղած են այս սարսափելի դէպքերուն», յայտնեց Մենենտեզ, բաժիններ կարդալով Օսմանեան կայսրութեան մօտ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի եւ այլ դիւանագէտներու վկայութիւններէն։

Ան նաեւ շեշտեց, որ 28 երկիրներ արդէն կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներառեալ՝ ՆԱԹՕի անդամ 11 երկիրներ, որոնցմէ ոչ մէկուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խզուած են այդ պատճառով»:

Աջակցութիւն յայտնելով Մենենտեզի նախաձեռնութեան, ազդեցիկ հանրապետական ծերակուտական Քրուզ, որ անցեալ շաբաթ նախագահ Թրամփին հետ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահին հետ, ըսաւ. «Մենք երբեք պէտք չէ լռենք վայրագութիւններուն դէմ։ Աւելի քան 100 տարի առաջ աշխարհը լուռ մնաց, երբ հայերը համակարգուած կերպով կը սպաննուէին: Մեր բարոյական պարտքն է ճանչնալ այն, ինչ որ պատահած է 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն»: Ան շեշտեց, որ Ամերիկայի պատիւ չէ բերեր լուռ մնալ նման ոճիրի մը դէմ։

Սակայն, հանրապետական Փըրտու շահագործեց որեւէ քուէարկութիւն վեթոյի ենթարկելու ծերակուտականներու իրաւասութիւնը, կասեցուց քուէարկութիւնը, պնդելով, որ այս բանաձեւի քուէարկութիւնը կրնայ բացասաբար ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Թրամփի այլ դաշնակից մը՝ Լինզի Կրեհեմ վեթօ դրած էր բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու Մենենտեզի առաջարկին վրայ, Թուրքիոյի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք:

Նշենք նաեւ, որ Ներկայացուցիչներու տունը 405 կողմ, 11 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը միաձայնութեամբ հաստատելու առաջարկին մերժումը, կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ ծերակուտական Փըրտուին իր բողոքը արտայայտելու համար հեռաձայնէ (202) 224-3521 թիւին։

Բանաձեւին աջակցելու համար ծերակուտականներուն կարելի է դիմել՝ այցելելով Հայ Դատի հաստատած  https://anca.org/genocide կայքէջը։

comments

Advertisement