Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

By Asbarez | Saturday, 18 January 2020

0000ANTILIAS

Չորեքշաբթի, 15 Յունուարին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ժոզէֆ եպիսկոպոս Սփիթերի:

Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին փոխանցել Ֆրանսիս պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը:

Վեհափառը իր կարգին պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել սրբազան քահանայապետին եւ յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը գործակցական նոյն ոգիով կը շարունակուին յատկապէս միջեկեղեցական մարզին մէջ:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ:

comments

Advertisement